ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔՈՎ ՄԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՄԱՏԹԷՈՍ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆԸ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ոգեկոչեց հոգելոյս մարզիկներէն Մատթէոս Ժամկոչեանը։ Այս վերջինը պասքեթպոլի մէջ լուրջ ծառայութիւն մատուցած էր Շիշլի մարզակումբին ու մահացած՝ 1999 թուականին։ Թէեւ բաւական երկար ժամանակ անցած է իր մահէն ի վեր, սակայն Մատթէոս Ժամկոչեանի յիշատակը միշտ վառ կը մնայ Շիշլիի ընտանիքին մէջ եւ առարկայ կը դառնայ բիւր յարգանքի։

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները շաբաթավերջին նախ այցելեցին Մատթէոս Ժամկոչեանի շիրիմը, որ կը գտնուի Գնալը կղզիի գերեզմանատան մէջ։ Աղօթքներ բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ իր հոգւոյն հանգստութեան համար։ Շիշլիցիները ծաղիկներ թողեցին շիրմին վրայ՝ հերթական անգամ բերելով իրենց խոնարհումը։

Աւելի վերջ բոլոր շիշլիցիները անցան կղզիի պասքեթպոլի մարզադաշտը։ Ոգեկոչումին մասնակցած վարչայիններուն առընթեր, Շիշլիի զանազան սերունդներէ պասքեթպոլի մարզիկները մասնակցեցան Մատթէոս Ժամկոչեանի ի յիշատակ կազմակերպուած մրցաշարքին։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս մրցաշարքը, որուն բերուած մասնակցութեան համեմատութիւնը իսկապէս բարձր էր։ Մրցաշարքը բուռն մրցակցութեան մը թատերաբեմը հանդիսացաւ, մարզիկները հանդէս եկան ծափահարելի եւ հաճելի խաղարկութեամբ։

Մրցաշարքի աւարտին, Ալէն Թեքպըչաք հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Եզրափակիչ խօսքին մէջ ան անգամ մը եւս բիւր յարգանքով ոգեկոչեց Մատթէոս Ժամկոչեանը եւ յայտնեց, որ Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը միշտ կը գուրգուրայ իր յիշատակին վրայ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018