ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, ուղեկցութեամբ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի, 10 օգոստոս, ուրբաթ առաւօտ մեկնեցաւ Անտիոք, ուր օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն եւ շրջակայից հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Իսկէնտէրունի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի եւ Վաքըֆլըգիւղի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի կողմէ։ Ապա, նորին սրբազնութիւնը օդակայանէն առաջնորդուեցաւ դէպի Վաքըֆլըգիւղ, ուր իջեւանեցաւ նորակառոյց «Մեսրոպ Պատրիարք» կեդրոնին մէջ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան 11 օգոստոս, շաբաթ, ժամը 13.00-ին, ուղեկցութեամբ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Ճեմ Չափարի, Վաքըֆլըգիւղի թաղապետ Պերճ Քարթունի եւ մեր համայնքային դէմքերէն Միհրան Ուլիկեանի, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Սամանտաղի գաւառապետ Մուրատ Քիւթիւկի։ Սիրալիր հանդիպման աւարտին գաւառապետը նորին սրբազնութեան նուիրեց խոզակներէ պատրաստուած պաստառ մը։

Նոյն իրիկուան տեղի ունեցաւ գիւղի աւանդական խրախճանքը՝ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Ուշ գիշերին վառուեցան հարիսայի կաթսաները։ Սոյն աւանդական խրախճանքը պիտի կրկնուի նաեւ Իսթանպուլի մէջ, Գնալը կղզիի բարձունքին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, յառաջիկայ 1 սեպտեմբեր, շաբաթ երեկոյեան։

Իսկ 12 օգոստոս, կիրակի, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը եւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն ու աւանդական «Հարիսա Զատիկը» կատարուեցաւ Ս. Պատարագի մատուցմամբ։ Եկեղեցին կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ։ Հայաստանէն եկած էին երեք խումբեր, Վաքըֆլըգիւղի Հայրենակցական միութեան կազմակերպութեամբ՝ Իսթանպուլէն, Մերսինէն ու այլ մօտակայ շրջաններէն խումբեր, ինչպէս նաեւ Անտիոքի ու յատկապէս Վաքըֆլըգիւղի ժողովուրդը։

Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղացի եւ ուխտաւոր այցելու դպիրներու կողմէ։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց Անտիոքի եկեղեցեաց սպասարկողներ՝ Եուսուֆ Թապաշեանին ու Տաւուտ Սարաճօղլուին։

Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մերսինի կաթողիկէ եկեղեցիէն Հայր Ֆրանսուան ու Իսթանպուլի կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախկին վարդապետներէն Հայր Կրէկորիոն։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կա-տարուեցան կաթսաներուն մէջ եփած հարիսաներուն օրհնութիւնն ու խաղողօրհնէք, որոնցմէ ներկաներ ճաշակեցին։ Այսպէսով իր աւարտին հասաւ այս տարուան ուխտագնացութիւնը։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հայրը երէկ երեկոյեան վերադարձաւ քաղաքս։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018