ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Շաբաթ յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութեան արարողութիւն մը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Խաչվերացի տաղաւարի նախատօնակի օրուան զուգադիպած այս հաւաքական մկրտութեան իր բարձր ներկայութիւնը բերաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որու կողքին էին Տ. Անդէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Զանազան տարիքէ 43 հոգի պիտի մկրտուէր այս արարողութեան ընթացքին, սակայն անոնցմէ չորսը բացակայեցաւ եւ 39 հոգի արժանացաւ Ս. Մկրտութեան խորհուրդին։ Դպրոցական վերամուտին ընդառաջ կազմակերպուած էր այս արարողութիւնը։ Արդարեւ, ծանօթ է, որ իսթանպուլահայ վարժարանները այս տարի աշակերտներ արձանագրելու համար անպայման կը պահանջեն մկրտութեան վկայական եւ այս պայմաններուն ներքեւ Պատրիարքական Աթոռը կարգադրութիւն ըրած է, որպէսզի թեկնածու-աշակերտները փութով ունենան իրենց մկրտութեան վկայականները, որոնք անհրաժեշտ կը համարուին արձանագրութիւններուն ժամանակ։ 39 մկրտեալներու շարքին կը գտնուէին Սինոբի կամ Քասթամոնուի նման քաղաքներէ ընտանիքներու անդամներ կամ անոնց զաւակները, Հայաստանէն արտագաղթած ընտանիքներու զաւակները եւ ի վերջոյ խառն ամուսնութիւններէ ծնած երախաներ։
Հաւաքական մկրտութիւնը հոգեւոր հրճուանքի մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ։ Փոքրիկ մկրտեալներուն ծնողները, չափահասներուն հարազատներն ու անմիջական բարեկամները փութացած էին եկեղեցի։ Կնքահայրի պաշտօնը ստանձնեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ լուսարար Սարվէն Կսսրկ. Պըչաքճը։
Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ վարդապետութեան, ծէսին եւ աւանդութիւններուն համաձայն մկրտուած 39 հոգին ջերմ արտայայտութիւններով ողջունեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որ ընդգծեց, թէ անոնք այլեւս դարձած են մեր եկեղեցւոյ հարազատ զաւակները։ Հայր Սուրբը տեղեկացուց նաեւ, թէ մկրտեալները այս Հինգշաբթի օրուընէ սկսեալ պիտի կարենան իրենց մկրտութեան վկայականները ստանալ Պատրիարքարանի խորհրդակատարութեանց գրասենեակէն։
Շնորհաւորական հայրական խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ մի առ մի ողջունեց բոլոր մկրտեալները ու մաղթեց, թէ Բարձրեալն Աստուծոյ Աջը միշտ անոնց հովանին ըլլայ կեանքի տեւողութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը դիտել տուաւ, թէ այս խորհրդակատարութիւնը ամբողջութեամբ անվճար կատարուած է Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։ Ան այս մատնանշումը ըրաւ հերքելու համար Հայաստանի կարգ մը լրատուամիջոցներուն մէջ լոյս տեսած պնդումները, ըստ որոնց Պատրիարքարանը քանի մը հազար տոլարի մակարդակով գումարներ կը պահանջէ մկրտութիւններուն համար։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծեց, որ այդ տեղեկութիւնները ճիշդ չեն, նոյնիսկ վճարովի կատարուած խորհրդակատարութիւններու պարագային այդ մակարդակով գումարներ բացարձակապէս չեն պահանջուիր հաւատացեալներէն։ Ընդհանուր Փոխանորդը գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ մկրտեալները այլեւս դարձած են մեր համայնքի անդամները եւ ապագային լիարժէք ձեւով կրնան մասնակցիլ համայնքային կեանքին, ներառեալ քուէարկութիւնները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ մկրտեալներու պարագային պէտք է անպայման անձնագրերու սրբագրութիւն կատարուի եւ այնտեղ նշուի, թէ անոնք քրիստոնեայ են։ Սա ալ անհրաժեշտութիւն մըն է, որպէսզի տղաքը կարենան արձանագրուիլ թրքահայ վարժարանները։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շեշտեց նաեւ, թէ մօտաւոր ապագային իրենք կը փափաքին Ս. Մկրտութեան խորհուրդին արժանացած տեսնել նաեւ նորոգ մկրտեալ երախաներու կամ պատանիներու ծնողները։
Օրհնութեան խօսքէն վերջ բոլոր մկրտեալները եւ անոնց ընտանիքները ջերմօրէն շրջապատեցին Նորին Սրբազնութիւնն ու հոգեւոր հայրերը, որոնց նկատմամբ արտայայտեցին իրենց երախտագիտական զգացումները։