ԴԻՄԱԳԾԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքարանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր ժողով մը։ Այսպէս, նիստ մը գումարեց Աթոռի յարակից ստեղծուած «Յովակիմ 1461» հիմնարկի վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Հարկ է նշել, որ նորին սրբազնութիւնը այս հիմնարկի վարչութեան ատենապետն է։ Ինչպէս ծանօթ է, վարչութիւնը կը գլխաւորուէր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ, որ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի հանգամանքով գործելէ դադրելու զուգահեռ՝ այս հիմնարկէն ալ հրաժարած էր մօտաւոր անցեալին եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան փոխարինած էր զինքը։
«Յովակիմ 1461» հիմնարկը ուղղակիօրէն աղերս ունի Պէյքոզի նիւթին հետ։ Արդարեւ, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը 49 տարուան ժամկէտով պայմանագիր մը կնքած է այս հիմնարկին հետ՝ թաղի երբեմնի գերեզմանատան տարածքի ապասեփականացուած բաժիններու հատուցումով համայնքին հասած գումարներու արժեւորման եւ մնացեալ տարածքին վրայ ապագային կատարուելիք շինարարութիւններու հասոյթներու հեռանկարային արժեւորման նպատակով։
Նկատի ունենալով, որ համայնքային կեանքէն ներս վերջին շուրջ մէկ տարուան ժամանակաշրջանին նոր խմորումներ տեղի ունեցած են՝ «Յովակիմ 1461» հիմնարկի ապագային վերաբերեալ որոնումներն ալ ինքնաբերաբար տեղ գտած են մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Մօտաւոր անցեալին նոյնիսկ յաճախակիօրէն կը խօսուէր «Յովակիմ 1461» հիմնարկի լուծարման մասին։ Թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակման, զանազան վարկածներու քննարկման ժամանակաշրջանէ մը վերջ, երէկ-ւան վարչութեան նիստը ունեցաւ անկիւնադարձային բնոյթ։ Արդարեւ, նոր շրջանի բոլոր խմորումները ամփոփուեցան եւ դրուեցան հունի մը մէջ՝ որպէսզի յառաջիկայ շրջանին այլեւս յստակութիւն մը ըլլայ «Յովակիմ 1461» հիմնարկի ճակատագրին շուրջ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի առընթեր երէկուան ժողովին ներկայ գտնուեցան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Հրանդ Մոսկոֆեան։
Հիմնարկի վարչայինները երէկ ընդհանուր իրադրութիւնը արժեւորեցին մանրամասնօրէն։ Թէեւ վերջնական որոշումենր չընդունուեցան, սակայն գոնէ էապէս մաղէ մը անցուեցան խնդիրները եւ այս աշխատանքն ալ ճանապարհ հարթեց՝ մօտաւոր ապագային վերջնական որոշումներու ընդունման կարելիութեան ստեղծման առջեւ։
Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, հիմնարկի վարչայինները կը մտածեն, որ մեր հոգեւոր հայրերը աստիճանաբար այս հիմնարկի պատասխանատուութիւնը յանձնեն համայնքի աշխարհականներուն։ Որքան որ ալ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի՝ որպէս ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարած շրջանին, Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ եւ հոգեւոր հայրերու ջանքերով ստեղծուած ըլլայ այս հիմնարկը, ըստ երեւոյթին, ներկայիս հասած է անոր ղեկը աշխարհականներուն յանձնելու, այս առումով դիմագիծը որոշ չափով փոփոխութեան ենթարկելու ժամանակը։
Երբ մեր հոգեւոր հայրերը քաշուին այս հիմնարկէն, անոր ղեկավարման համար պիտի մշակուի նոր դրութիւն մը։ Թէեւ տակաւին կանուխ է վերջնական արդիւնքներու շուրջ խօսելու մասին, սակայն նոր ղեկավարման դրութիւնը կը ծրագ-րըւի մեր համայնքային հինգ հաստատութիւններու ձեւաչափին մէջ։ Անշուշտ Պատրիարքական Աթոռն ալ պիտի շարունակէ ունենալ որոշ դերակատարութիւն մը, սակայն ներկայ կանխատեսումներով «Յովակիմ 1461» հիմնարկը իր ճանապարհորդութիւնը պիտի շարունակէ աշխարհականներու պատասխանատուութեան տակ։
Հիմնարկի վարչութիւնը յառաջիկայ շաբաթ դարձեալ կարեւոր ժողով մը պիտի գումարէ։ Մինչ այդ, հաւանական է, որ մեր հինգ հաստատութիւններէն ներկայացուցիչներ ալ խորհրդակցութեան հրաւիրուին Պատրիարքարան։ Այս բոլոր փուլերու արդիւնքին առանց սպասելու՝ վերջնական որոշումներու մասին խօսիլը բնականաբար ճիշդ եւ նպատակայարմար չի համարուիր սոյն հիմնարկի շրջանակներուն կողմէ։ Հետեւաբար, այստեղ կ՚ենթադրուի սպասման շրջան մը։ Եթէ այդ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին ըլլան նոր կարծիքներ, ապա չի բացառուիր, որ այժմ պատրաստուած կմախքը կրնայ անցնիլ բարեփոխումներէ։ Յամենայնդէպս, այժմու կանխատեսումներով, «Յովակիմ 1461»ը պիտի մնայ ինքնուրոյն, ձեւով մը ինքնավար կառոյց մը, սակայն պիտի ունենայ ղեկավարման բոլորովին նոր դրութիւն մը։
«Յովակիմ 1461» հիմնարկի ղեկավարութիւնը թէեւ գործակցութեան մէջ է պետութեան կողմէ Պէյքոզին փոխանցուած գումարներու տնօրինման համար թաղային խորհուրդին առընթեր ստեղծուած խորհրդատու մարմնին հետ, սակայն անկախ կառոյց մըն է եւ ղեկավարման նոր դրութեան հաստատուելէն վերջ ալ հիմնարկը պիտի շարունակէ իր մասնակցութիւնն ու դերակատարութիւնը ունենալ Պէյքոզի միջոցներու տնօրինման գործին մէջ։
Երէկուան ժողովին ընթացքին Տ. Սահակ Եպկս. Մաշալեան տեղեկացուց, որ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան չի հետաքրքրուիր «Յովակիմ 1461» հիմնարկի վերաբերեալ իրադարձութիւններով։