«ԱՆՅԱԳ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԸ»

ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մասնաւոր ձեռնարկով մը վերջերս ոգեկոչուեցաւ վեթերան ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանը, որ մահացած էր շուրջ տարի մը առաջ։ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան առընթեր գործող «Müze Gazhane»ին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր «Անյագ ճարտարապետը. Նշան Եաղուպեան» անուանումով։ Ասուլիսի մը ձեւաչափին մէջ մշակուած էր յայտագիրը, որու տեւողութեան զանազան ատենախօսներ Նշան Եաղուպեանի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ արտայայտեցին իրենց վկայութիւններն ու դիտարկումները։ Այդ բոլորին հանրագումարը եղաւ Նշան Եաղուպեանի տասնամեակներու հոլովոյթին վրայ տարածուած ճարտարապետական բծախնդիր գործունէութեան ընդհանուր արժեւորումը։ Արդիւնքը կը ցոլացնէ իսկապէս փայլուն գնահատական մը՝ մանաւանդ, որ Նշան Եաղուպեան հեղինակութիւն մը դարձած էր իր ասպարէզէն ներս եւ իր բարի համբաւը սահմանափակ չէր մնացած միայն մեր համայնքով, այլեւ հասած էր երկրի լայն հասարակութեան։

Ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետուհի Կիւլիզար Արթուչ։ Ապա յաջորդաբար արտայայտուեցան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան փոխ-ընդհանուր քարտուղար Մահիր Փոլատ, Եաղուպեանի արխիւը ուսումնասիրած Իրէն Պըչաքճը, ոգեկոչեալի դասընկեր ու գործընկեր հոգելոյս Էնիս Քորթանի կողակիցը՝ Կիւլսիւմ Քորթան, Եաղուպեանի նուաճած «Միմար Սինան» մեծ մրցանակի 2020 թուականի դատակազմի անդամներէն Զաֆէր Աքտեմիր, դասընկերներէն Եաշար Մարուլեալը եւ Յովսէփ Սարաֆեան, վերոյիշեալ ճարտարապետի վարժարանին՝ Կեդրոնականի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու, իր վաղեմի մերձակիցներէն Նշան Գարա, իրեն համար պատրաստուած փաստավաւերագրական ժապաւէնի խումբէն Ատոմ Շաշքալ եւ Սէրլի Հոպիքօղլու, Ետիթեփէի համալսարանէն Ըշըլ Պայսամ Սերիմ եւ Էվին Էրիշ, հանգուցեալի սաներէն Էլիֆ Կիւնտողտու, մանկութեան ընկերներէն Մարսէլ Քէօրօղլու եւ Անի Յակոբեան։

Բոլորը այս առթիւ բիւր յարգանքով վերյիշեցին Նշան Եաղուպեանը՝ ընդգծելով անոր մեծ վաստակը, ինչ որ իր յիշատակը կը դարձնէ անթառամ։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022