ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան Միջազգային կրօնական ազատութեան գրասենեակէն դեսպան Ռաշատ Հուսէյնի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Նոյն գրասենեակէն կարգ մը պաշտօնատարներու առընթեր պատուիրակութեան մաս կազմեցին Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոսի տեղակալն ու Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան կարգ մը պաշտօնատարներ։ Ամերիկացի դիւանագէտներէն բաղկացեալ պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ մէջ շփումներ կ՚ունենայ կրօնական զանազան կառոյցներու հետ։ Այս շրջանակին մէջ ամերիկացի դիւանագէտները այցելեցին նաեւ Պատրիարքարան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը եւ գոհունակութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան առթիւ։ Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ամերիկացի դիւանագէտներուն հետ կարծիքի փոխանակումներ ունեցաւ միջկրօնական յարաբերութիւններու շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան ու գործունէութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, նաեւ մեր համայնքին վայելած կրօնական ազատութիւններուն շուրջ։

Պատուոյ տոմարի ստորագրումէն վերջ հիւրերը հրաժեշտ առին Գումգաբուէն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022