ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳՈՐԾԱՐՔ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան յայտարարեց, որ երբեմնի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի շէնքի պարագային վարձակալման պայմանագիր մը կնքած են Սկիւտարի քաղաքապետութեան հետ։ Հարկ է նշել, որ Սկիւտարի երբեմնի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի շէնքին սեփականութիւնը կը պատկանէր Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդին, իսկ թաղի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը տնօրինէր դպրոցը։ Այդ վարժարանի պաշտօնական գետնի վրայ ալ վերջնականօրէն փակման զուգահեռ շէնքի տնօրինումը անցած էր Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդին՝ սեփականատիրոջ հանգամանքով։
Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան մեզի յայտնեց, թէ թաղային խորհուրդը վերջին շրջանին բազմակողմանի աշխատանք ծաւալած է այդ պատմական շէնքի նպատակասլաց եւ արդիւնաւէտ արժեւորման առաջադրութեամբ։ Ձեռնտու պայմաններով վարձակալութեան պայմանագիր մը կնքելու նպատակով շփումներ մշակուած են հաւանական թեկնածուներու հետ։ Ըստ էութեան շուրջ հինգ վարձակալի թեկնածուներ շփման մէջ անցած են Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդին հետ՝ առաջարկելով 10-30 հազար լիրայի սահմնաներուն միջեւ վարձակալական ամսավճարներ։ Թաղային խորհուրդը մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան ենթարկած է այդ բոլորը։ Ներկայացուած առաջարկներուն կապակցութեամբ խորհրդակցութիւն կատարուած է նաեւ համայնքային շրջանակներուն եւ շարք մը յառաջատար գործիչներու հետ։ Այդ բոլորին լոյսին տակ նիւթը ծեծուած է նաեւ Պատրիարքական Աթոռին հետ եւ ի վերջոյ գործարքը վերջնականօրէն հասունցած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հաւանութեամբ։
Եդուարդ Այվազեան մեզի յայտնեց, թէ 25 հազար թրքական լիրա ամսականով որոշած են շէնքը վարձու տալ Սկիւտարի քաղաքապետարանին։ Կնքուած պայմանագրին հիման վրայ քաղաքապետարանը պիտի իրականացնէ նաեւ շէնքին վերանորոգութիւնը։ Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի շէնքը յառաջիկայ շրջանին պիտի օգտագործուի որպէս աշակերտական հանրակացարան։ Երեք տարուան վարձակալութեան պայմանագիր մը կնքուած է քաղաքապետարանին հետ։ Առաջին տարուան աւարտին 25 հազար լիրա վարձավճարը արդէն պիտի բարձրացուի։ Ներկայիս արդէն քաղաքապետարանը առաջին ամսուան վարձքը փոխանցած է Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդի դրամատան հաշւոյն։
Ատենապետ Այվազեանի բացատրութիւններով, 25 հազար լիրանոց ամսավճարներուն 5 հազարը Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդին կողմէ ամէն ամիս պիտի փոխանցուի Գալֆեան Տան եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքին։ Ան ըսաւ, որ այս երկու հաստատութիւններուն խնամակալութիւնները ողջունած են այս կարգադրութիւնը։ Մնացեալ 20 հազար լիրան ալ պիտի արժեւորուի դարձեալ եկեղեցապատկան կալուած մը վերանորոգելու առաջադրութեամբ։ Արդարեւ, Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը ունի Սկիւտարի Ֆըստըքաղաճը թաղամասին մէջ շէնքի մը սեփականութեան իրաւունքը։ Այդ շէնքը ներկայիս կը կարօտի ի հիմանէ վերանորոգութեան, ինչ որ կ՚ենթադրէ մեծածախս ծրագիր մը։ Յառաջիկայ շրջանին նախկին վարժարանի շէնքի ամսավճարները պիտի յատկացուին այդ շէնքի վերանորոգութեան։ Բնականաբար, այդ շինարարութեան աշխատանքի աւարտին Գուզկունճուքի պարագային հասութաբեր նոր վարձակալութեան գործարք մը կնքելու հեռանկարը պիտի ուրուագծուի, սակայն մինչ այդ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը պիտի զբաղի այդ շէնքի վերանորոգութիւնը իրականացնելու գործով։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024