ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ-ՎԱՌՎԱՌԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՈՒՑԻՉ ԽՈՉԸՆԴՈՏ ՄԸ
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին շարք մը ատենախօսներ իսկական գայթակղութեան մը համազօր յայտարարութիւններով հանդէս եկան Գումգաբուի Դրսի երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքի պարագային։ Ինչպէս ծանօթ է, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը ներկայ կրթական տարուան սկիզբին պիտի փոխադրուէր Գումգաբուի Դրսի երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքը։ Պատրիարքական Աթոռի հաւանութեամբ, ատենապետ Վարուժան Թավրայի կողմէ գլխաւորուած Գումգաբուի Դրսի թաղային խորհուրդը որոշում ընդունած էր՝ որպէսզի նախկին դպրոցի շէնքը վերստին տրամադրուի կրթական նուիրական նպատակի համար։ Նոյնիսկ գտնուած էր անանուն բարերար մը, որ պատրաստակամ եղած էր հոգալու այդ ամբողջ համալիրի վերանորոգութեան ծախսերը։
Այդ դրական եւ յուսադրիչ տուեալներու մթնոլորտին մէջ բոլորը կ՚ակնկալէին, որ 2016-2017 կրթական շրջանը նոր միջավայրով մը պիտի բացուի Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտներուն համար։ Հայաստանէն արտագաղթելով Թուրքիա հաստատուած ընտանիքներու զաւակները կը հիւրընկալէ այս վարժարանը, որ պաշտօնական առումով չունի կարգավիճակ եւ ուղղակի հանդուրժուած կրթօճախ մը։ Դժբախտաբար, ընթացքին այնպիսի ցաւալի պայմաններ յառաջացած են, որ որոշ անձերու քմահաճոյքը բաւարար դարձած է այդ կրթական ծրագիրը խոչընդոտելու եւ «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտներու ճակատագրին վրայ ազդելու համար։
Գումգաբուի Դրսի երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքը մինչեւ մօտաւոր անցեալը կ՚օգտագործուէր որպէս գործատեղի։ Այնտեղ գտնուող վարձակալները ժամանակի ընթացքին աստիճանաբար դատարկած են տարածքը։ Ոմանց պարագային թէեւ յառաջացած են կարգ մը բարդութիւններ, սակայն ի վերջոյ թաղային խորհուրդը յաջողած է այդ վարձակալները համոզել։ Ներկայիս նախկին դպրոցի շէնքի գետնայարկին մնացած է միակ վարձակալ մը, որ յամառօրէն կը մերժէ դուրս գալ այդ տարածքէն եւ անհիմն ձեւով կը պնդէ, որ այդ շէնքը պիտի վերածուի ոչ թէ դպրոցի, այլ պանդոկի մը։ Հետաքրքրականը այն է, որ այդ վարձակալը միեւնոյն ժամանակ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականներէն մին է։ Երէկուան ժողովին ընթացքին նշուեցաւ, որ այդ թաղականը չնչին գումարով մը վարձած է տարածքը եւ ներկայիս կը մերժէ դուրս գալ այդտեղէն՝ հակառակ անոր, որ իր թաղական ընկերները բոլորովին ուրիշ ճակատագիր մը նախատեսած են այդ շէնքին համար։ Ուստի, հակառակ անոր, որ ծրագիրը եւ նիւթական միջոցները պատրաստ են՝ կարելի չ՚ըլլար գործնական աշխատանքի ձեռնարկել՝ այդ թաղական-վարձակալի դիմադրութեան հետեւանքով։ Ժողովականները երէկ նշեցին, որ սա իսկապէս ցաւալի եւ ամօթալի երեւոյթ մըն է, հետեւաբար պէտք է ժամ առաջ այս խնդիրը յաղթահարուի։
Իր կարգին, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան յայտնեց, թէ այստեղ բարոյագիտական առումով ալ լուրջ խնդիր մը գոյութիւն ունի։ Արդարեւ, համայնքային հաստատութեան մը մատակարար մարմնի անդամը բացարձակապէս պէտք չէ իր իսկ հաստատութեան պատկանող կալուածի մը մէջ ըլլայ վարձակալ՝ եթէ նոյնիսկ հրապարակի պայմաններէն աւելի բարձր գին մը վճարէ։
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, VADİP-ի դիւանի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը, Թորոս Ալճան եւ այլ ազգայիններ մաղթեցին, որ այս հարցը ժամ առաջ կը լուծուի եւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի սաները կը փրկուին գետնայարկերու, նկուղներու մէջ կրթութիւն ստանալու ստիպողութենէն եւ պատշաճ պայմաններու մէջ ուսում կը ստանան՝ անցեալի մէջ արդէն որպէս վարժարան օգտագործուած շէնքի մը յարկին տակ։