ՋԵՐՄ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Այսօր Իսթանպուլի մէջ առաջին անգամ կը նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը։ Այս առթիւ, երեկոյեան, «Ֆուլիա» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ տեղի կ՚ունենայ «Քատանս» նուագախումբի երաժշտահանդէսը։

Ինչպէս հաղորդած էինք, «Քատանս»ի անդամները երէկ առաւօտ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Պետրոս Շիրինօղլու, որ այս համերգի գլխաւոր հովանաւորն է, «Քատանս»ի անդամները  ընդունեց հոգաբարձութեան իր աշխատասենեակին մէջ։ Հիւր արուեստագէտները միեւնոյն ժամանակ շրջայց մը կատարեցին հիւանդանոցի ընդարձակ համալիրէն ներս եւ ուխտի աղօթք մըն ալ ըրին Սուրբ Փրկիչ մատրան սրբազան երդիքին ներքեւ։ Երաժիշտներուն կ՚ուղեկցէր համերգի կարգադիր յանձնախումբէն Արթիւր Պաղտասարեան։ Պետրոս Շիրինօղլու հիւր երաժիշտներուն զանազան բացատրութիւններ տուաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան գործունէութեան երեսակներուն շուրջ։ Արդարեւ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը առողջապահութեան հաստատութիւն մը ըլլալու առընթեր մեր համայնքի ընկերա-մշակութային կեանքէն ներս ունի առանցքային դերակատարութիւն։ Հիւրերը այդ բոլորին շուրջ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղելէ վերջ այցելեցին նաեւ «Պետրոս Շիրինօղլու» թանգարանը, ուր ամբողջացան իրենց լսած բացատրութիւններուն վերաբերեալ պատկերացումները։

Հիւանդանոցէն հրաժեշտ առնելէ վերջ հիւր երաժիշտները այցելեցին Պատրիարքարան, ուր Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի ուղեկցութեամբ այցելեցին «Կոլոտ» թանգարանը։ Սուլթանահմէտի հրապարակէն եւ Ղալաթիոյ շրջանէն անցնելէ վերջ հիւրերը հասան իրենց իջեւանած պանդոկը, որ կը գտնուի Թաքսիմի հրապարակի մօտակայքին։ «Քատանս»ի կառավարիչ Նիկա Պապայեան կէսօրէ վերջ այցելեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցոթեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութիւն։ Թէեւ նախատեսուած էր, որ ամբողջ խումբը այցելէր ներկայացուցչութիւն, սակայն հաշուի առնելով, որ ծրագիրը որոշ չափով յապաղած էր՝ միայն Նիկա Պապայեանը այցելեց ներկայացուցչութիւն, ուր իրեն ի պատիւ թէյասեղան մը սարքեցին Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան։

Ներկայացուցչութենէն վերջ ամբողջ խումբը ուղղուեցաւ «Ֆուլիա» գեղարուեստական կեդրոնը, ուր տեղի ունեցաւ փորձ մը։ Փորձին ներկայ գտնուեցան նաեւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի երիտասարդները, որոնք այսօրուան համերգին պարով մը կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը։ «Մարալ»ի գլխաւոր պարուսոյցները՝ Կարպիս Չափքան եւ Իրիս Չափքան ծանօթացան «Քատանս»ի երաժիշտներուն հետ եւ անոնց միջեւ ստեղծուեցաւ ջերմ երկխօսութիւն մը։ Այսօրուան համերգին վերաբերեալ բոլոր պատրաստութիւնները տեսնելէ վերջ խումբը հրաժեշտ առաւ «Ֆուլիա» գեղարուեստի կեդրոնէն։ Երեկոյեան Արսէն Աւագեան եւ Իկոր Մարտիրոսեան ընթրիքի սեղանի մը շուրջ հիւրընկալեցին «Քատանս»ի երաժիշտները։

Այսօրուան համերգին մեր երաժշտասէր հասարակութիւնը կը սպասէ հետաքրքրութեամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2017