ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան «Հաւատքներու սեղան» բաժանմունքի ներկայացուցիչներ՝ Նիլիւֆէր Թաշքընը, Իսլամ Էօզքանը, Ֆաթմա Եաւուզը եւ Վետաթ Քարան։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքարանի դիւանապետ եւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Հիւրերը սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ իրենց գործունէութեանց մասին տեղեկութիւն փոխանցեցին։ Այս առիթով գաղափարի փոխանակում տեղի ունեցաւ։ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան երդիքին ներքեւ անցեալ տարի կազմուած «Հաւատքներու սեղան»ին զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներ եւս մաս կը կազմեն։ Իսկ Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութեամբ՝ յանուն Պատրիարքական Աթոռին «Հաւատքի սեղան»ի մաս կը կազմէ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Սոյն նախաձեռնութիւնը արդէն բոլորած է մէկ տարուան գործունէութեան շրջանը։ Իբր այդ, Պատրիարք Հայրը գնահատեց բաժանմունքի գործունէութիւնը՝ յօգուտ համայնքներու եւ յանուն հաւասարութեան սկզբունքի։ Հանդիպման աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրերուն կարողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020