ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը։ Վարժարանի առաջին չորրորդ դասարանի աշակերները մասնակցեցան հանդէսի մը, որու ընթացքին տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով ու թատերական ներկայացումներով։ Անոնք լսեցին նաեւ թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի խօսքը։ Նոյն շարժառիթով միջնակարգի դասարաններու մասնակցութեամբ ալ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդէս մը։ Ներկայ էին տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ, վաստակաւոր կրթական մշակ Շիրվան Եըլտըզ, ուսուցչական կազմէն դէմքեր, ծնողներ եւ հիւրեր։ Հանդիսավարներն էին Լուքաս Էօզպերք եւ Լետա Ասուրլուօղլու։ Զանազան արտասանութիւններէ վերջ տղաքը խմբերգներ ներկայացուցին՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Անիթա Գուրտօղլուի մականին ներքեւ։ Օրուան յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ պարեր։ Աւարտին տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ շնորհաւորութիւններ փոխանցեց Թարգմանչաց տօնին կապակցութեամբ ու շեշտեց, որ մայրենի լեզուին կարեւորութեան պէտք է ի սրտէ համոզուած ըլլան բոլորը։
Օրուան յայտագիրը պատրաստուած էր ուսուցչուհիներ՝ Լեռնա Գարագիւթիւքի, Նայիրի Խաչիկօղլուի, Սիւզան Աչըքի եւ Սելին Տեմիրճիի ջանքերով։