ԱՄՈՒՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջի գլխա­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւնն էր հա­մայն­քա­յին կեան­քէ ներս։ Թէեւ առ­կայ դժուա­րին պայ­ման­նե­րուն հե­տե­ւան­քով խնա­մա­կա­լու­թեան կող­մէ յայ­տա­րա­րուած պիւտ­ճէի բա­ցը հնա­րա­ւոր չե­ղաւ լրիւ ամ­բող­ջաց­նել, սա­կայն այս հաս­տա­տու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ ա­մուր ա­ջակ­ցու­թեան մը ա­ռար­կայ դար­ձաւ։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ա­պա­ցու­ցա­նե­ցին, որ բարձր կը գնա­հա­տեն Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ թրքա­հայ կրթա­կան հա­մա­կար­գէն ներս։

Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէ­կուան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ ար­դէն մեծ ե­ռու­զեռ մը ապ­րուե­ցաւ Գում­գա­բուի մէջ։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Ներ­կայ էր նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան եւ Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Գող­թան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Յով­սէփ Գու­յում­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Կար­պիս Քը­լը­ճեա­նի։

Ի ժամ Ս. Պա­տա­րա­գի օ­րուան պատ­գա­մը տուաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան Ս. Խաչ դպրե­վան­քի հիմ­նա­դիր­նե­րը, տե­սուչ­նե­րը, կրթա­կան մշակ­նե­րը, սա­տա­րող­ներն ու սա­նե­րը, ո­րոնք ան­դարձ բաժ­նուած են։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կայ էին բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, բա­րե­րար­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ դպրե­վանք­ցի­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Ս. Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Թո­րոս Ալ­ճան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ ու­սուց­չու­հի Թա­թիա Մա­րաշ­լեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Թո­րոս Ալ­ճան եւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ժա­նէթ Ա­ւե­տի­քօղ­լու, ո­րոնք բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին հաս­տա­տու­թեան ներ­կայ ընդ­հա­նուր վի­ճա­կին եւ ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Իր խօս­քին մէջ Թո­րոս Ալ­ճան անդ­րա­դար­ձաւ հաս­տա­տու­թեան պատ­կա­նող շարք մը կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման հա­մար բացուած դա­տե­րուն։ Ան յի­շե­ցուց, որ խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը շա­հած է այդ դա­տե­րը, սա­կայն ներ­կա­յիս գործ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րու ճա­նա­պար­հին կ՚ապ­րուին ձա­խոր­դու­թիւն­ներ, ո­րոնք թէեւ պատ­ճառ կը դառ­նան յա­պա­ղում­նե­րու, սա­կայն կը բխին ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­մա­կար­գի բնոյ­թէն։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ժա­նէթ Ա­ւե­տի­քօղ­լուն ող­ջու­նեց՝ որ­պէս հաս­տա­տու­թեան ի­գա­կան սե­ռէ ա­ռա­ջին տնօ­րէ­նը։

Գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ հան­դէս ե­կան Ս. Խաչ դպրե­վան­քի սա­նե­րը։ Տղա­քը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան խմբերգ­նե­րով՝ ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Սեր­տա Քե­պապ­ճըի մա­կա­նին ներ­քեւ։

Սի­րոյ սե­ղա­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի օրհ­նու­թեան խօս­քով եւ ա­ղօթ­քով։

           

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2016