ՊԱՐԶ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յայ­տա­րա­րեց, որ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան նիւ­թին շուրջ տա­կա­ւին պէտք է գրեն նա­մա­կը ու պէտք է սպա­սեն կա­ռա­վա­րու­թեան պա­տաս­խա­նին։ Ան յի­շե­ցուց, որ ան­ցեա­լին ալ եր­կու ան­գամ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ու­ղար­կուած է նման նա­մակ մը, իսկ հի­մա ար­դէն կը պատ­րաս­տուի եր­րոր­դը։ Tert.am կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը զար­մանք յայտ­նեց, որ թէեւ տա­կա­ւին նոր պատ­րիար­քի ընտ­րու­թեան մա­սին կա­ռա­վա­րու­թեան ուղ­ղուե­լիք նա­մա­կը գրուած չէ, սա­կայն կը քննար­կուին ընտ­րու­թիւն­ներն ու թեկ­նա­ծու­նե­րը։

Հռիփ­սի­մէ Յով­հան­նի­սեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ կայ­քէ­ջին վրայ տեղ գտած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը անդ­րա­դար­ձած է այն դի­տարկ­ման, թէ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ազ­դան­շան մը ու­նե­ցած է՝ որ­պէս­զի այս ան­գամ ընտ­րու­թեան դի­մու­մին ըն­թացք տրուի։ Ի պա­տաս­խան ան ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին մէջ ո­րո­շուե­ցաւ, որ­պէս­զի ան­գամ մը եւս դի­մենք, պատ­րիար­քը հան-գըս­տեան կո­չենք եւ այդ վի­ճա­կին մէջ ու­ղար­կենք դի­մու­մը։ Մենք ալ, ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն հետ հա­մա­խոհ գտնուե­ցանք։ Հի­մա հա­մա­պա­տաս­խան նա­մա­կի պատ­րաս­տու­թիւ­նը ըն­թաց­քի մէջ է։ Պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն պի­տի յանձ­նենք։ Ա­ւե­լի վերջ մե­զի պի­տի մնայ սպա­սել ա­նոնց պա­տաս­խա­նին»։

­Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս կէ­տին վրայ յի­շե­ցու­ցած է նաեւ, թէ միայն պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւ­նը չէ որ այս­քան տա­րիէ ի վեր տե­ղի չէ ու­նե­ցած։ Տա­րի­նե­րէ ի վեր մեր միւս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ընտ­րու­թիւն­ներն ալ առ­կա­խուած են։ «Ա­մէն ինչ պե­տու­թե­նէն կա­խուած է, մենք ո­րե­ւէ մեկ­նա­բա­նու­թիւն չենք կրնար ը­նել, ինչ որ ը­սենք՝ սխալ կ՚ըլ­լայ», մատ­նան­շեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Տե­սակ­ցու­թեան մէջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մեկ­նա­բա­նած է նաեւ այն պնդում­նե­րը, ըստ ո­րոնց երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի մի­ջամ­տէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ ա­մէն ինչ պի­տի ը­նէ, որ­պէս­զի ի­րեն հա­մար նա­խընտ­րե­լի թեկ­նա­ծուն ընտ­րուի։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Ես նման բան չեմ կրնար ը­սել, բայց պե­տու­թիւ­նը ընտ­րու­թեան ար­դիւնք­նե­րը կը վա­ւե­րաց­նէ. ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի պա­րա­գա­յին Յոր­դա­նա­նը, Պա­ղես­տի­նը եւ Իս­րա­յէ­լը կը վա­ւե­րաց­նեն։ Այս­տեղ ալ այս պե­տու­թիւ­նը կը վա­ւե­րաց­նէ»։

­Մի­թէ մտա­հո­գու­թիւն կա՞յ, որ չի վա­ւե­րաց­ներ, ե­թէ իր նա­խընտ­րած թեկ­նա­ծուն չընտ­րուի։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ա­ւել­ցու­ցած է. «Ես ո­չինչ կրնամ ը­սել պե­տու­թեան կող­մէ։ Կ՚ը­սեմ, որ ի­րենք կը վա­ւե­րաց­նեն, ինչ­պէս Ե­րու­սա­ղէ­մի պա­րա­գա­յին»։

Ընտ­րու­թեան հա­ւա­նա­կան ար­դիւն­քին վե­րա­բե­րեալ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով՝ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը յայտ­նած է. «Աս­տուած գի­տէ, թէ ո՛վ պի­տի ընտ­րուի։ Ոչ ոք կրնայ ը­սել, թէ ինք պի­տի ընտ­րուի։ Հա­մայն­քի իւ­րա­քան­չիւր ան­դամ ու­նի իր նա­խընտ­րե­լի թեկ­նա­ծուն։ Չենք կրնար ը­սել, թէ ո՛ր թեկ­նա­ծուի պա­րա­գա­յին ո՛ր­քան է պաշտ­պա­նող­նե­րու կամ կողմ­նա­կից­նե­րու թի­ւը։ Ա­մէն թեկ­նա­ծու ու­նի իր կողմ­նա­կից­նե­րը։ Մին­չեւ որ քուէ­նե­րը դուրս չգան սնտու­կէն՝ չենք կրնար հասկ­նալ, թէ ո՛վ պի­տի ընտ­րուի»։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին հարց տրուած է նաեւ, թէ շա­տե­րու կար­ծի­քով ինքն է Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ բաղ­ձա­լի թեկ­նա­ծուն եւ ի՞նչ կը մտա­ծէ այս մա­սին։ Ան պա­տաս­խա­նած է ըստ հե­տե­ւեա­լի. «Ո՞վ ը­սաւ, ի՞նչ հի­ման վրայ է։ Ա­մէն մարդ կրնայ ու­նե­նալ իր կար­ծի­քը, ա­մէն մարդ բան մը կը մտա­ծէ։ Գիտ­ցած-չգիտ­ցա­ծի վե­րա­բե­րեալ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ կ՚ը­նէ։ Այդ բո­լո­րի 90 տո­կո­սը սխալ է։ Տա­կա­ւին դի­մու­մը չենք յանձ­նած, սա­կայն ար­դէն ընտ­րու­թիւն­նե­րու մա­սին կը խօ­սուի։ Ո՞վ ը­սաւ, որ պի­տի ըլ­լան ընտ­րու­թիւն­ներ, մենք տա­կա­ւին դի­մում չենք ներ­կա­յա­ցու­ցած, տա­կա­ւին կա­ռա­վա­րու­թեան պա­տաս­խա­նին պէտք է սպա­սենք»։­

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը հար­ցուած է նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի ու­ղար­կած նա­մա­կին, ստեղ­ծած ար­ձա­գանգ­նե­րուն եւ այդ նա­մա­կին բե­րու­մով ստեղ­ծուած տպա­ւո­րու­թեան, թէ ինք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ կը հա­մա­րուի։ Ի պա­տաս­խան ան ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Ես նա­մա­կը կը գրեմ, ինչ­պէս ինձ­մէ ա­ռա­ջուան պատ­րիարք­ներն ալ գրած են։ Սա մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է։ Այս Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լին պար­տա­կա­նու­թիւնն է։ Մես­րոպ Պատ­րիարքն ալ գրած էր Ֆրան­սա, գրած էր նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Պու­շին։ Եր­թանք մին­չեւ Շնորհք Պատ­րիար­քի շրջա­նը, բո­լորն ալ գրած են։ Սա իմ ծա­ռա­յո­ղա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է։ Տար­բեր հարց, որ նա­մա­կի բո­վան­դա­կու­թեան հա­ւա­նու­թիւն կու տան, թէ ոչ, բայց ես ու­նիմ իմ հա­մայն­քիս շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։ Ով որ նստի այս Ա­թո­ռին վրայ, պար­տա­ւոր է պաշտ­պա­նել հա­մայն­քին շա­հը։ Ե­թէ երկ­րին դէմ խօ­սիս, եր­կի­րը չի հասկ­նար քու պա­հանջ­ներդ։ Նման բան ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ չի կրնար ըլ­լալ։ Դուք կ՚ապ­րիք Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ե­թէ երկ­րին դէմ խօ­սիք, յե­տոյ ալ բան մը խնդրէք, ըն­թացք կու տա՞ն. չեն տար»։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2016