ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչներէն Տանիէլ Անթիքաճեանը, Արամ Քալէնտէրն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։ Հաստատութեան տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ խնամակալութեան ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել խմբագրատունս՝ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար Գալֆաեան Տան այժմու վիճակին շուրջ։ Ծանօթ է, որ մեր կրթական կեանքէն ներս առանձնայատուկ առաքելութեամբ հաստատութիւն մըն է Գալֆաեանը, որ կը դիմագրաւէ նիւթական լուրջ խնդիրներ։ Խնամակալները յայտնեցին, որ իրենց տեսակէտէ ուրախառիթ եղած է՝ ներկայ կրթական շրջանին դպրոցէն ներս մանկապարտէզի երկու դասարանի գոյութիւնը։ Արդարեւ, մանկապարտէզի արձանագրութիւններու բարձրացումը յոյս կը ներշնչէ հաստատութեան ապագային տեսակէտէ։

Խնամակալութեան ներկայացուցիչները շեշտեցին, որ այս տարի եւս կ՚ապաւինին մեր համայնքի զօրակցութեան՝ երաշխաւորելու համար վարժարանի կայունութիւնը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017