ՇԻՇԼԻԻ ՎՈԼԷՅՊՈԼԻ ԵՒ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ԲՈՒՌՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԱԾ ԵՆ ԻՐԵՆՑ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի կազմերը արդէն բուռն պայքարի մը մէջ ներգրաւուած են ներկայ եղանակին։

Վոլէյպոլի մէջ երիտասարդաց փոքրերու եւ աստղերու կազմերը վերջին շաբթուան հանդիպումներու արդիւնքին ապահովեցին մէկ յաղթանակ ու կրեցին երկու պարտութիւն։ Պասքեթպոլի մէջ ակումբի առաջին կազմը անընդմէջ երկու յաղթանակ ապահովեց։ Մինչեւ 14 եւ մինչեւ 15 տարեկանի խումբերն ալ ունեցան մէկ յաղթանակ եւ մէկ պարտութիւն։ Շիշլիցիները կը շարունակեն յամառ պայքար մղել իրենց դասաւորումներուն մէջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017