ԹՎՄ-Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան իր հերթական ժողովը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Ժողովը գլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։ Ժողովականները առաջնահերթօրէն քննարկեցին՝ ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի եւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց վարժարաններու պատասխանատուներուն՝ այս շաբաթավերջին նախատեսուած հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները։ Այս շրջանակով արդէն երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուն ալ մասնակցեցաւ խորհրդակցութիւններուն։ Ժողովականները համոզուած էին, թէ այս հանդիպման պէտք է շատ լաւ նախապատրաստուիլ եւ առիթը լաւագոյնս օգտագործել։

Դռնփակ ժողովին վերաբերեալ ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, համայնքային վարիչները ԹՎՄ-ի երէկուան ժողովին ընթացքին հերթական անգամ նկատի առին մեր վարժարաններու խնդիրները եւ պիւտճէի բացերուն վերաբերեալ հարցերուն առընթեր կարեւորութեամբ ծանրացան դըպ-րոցներու շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան հարցերուն վրայ։ Անոնք ներկայիս լուծումներ կ՚որոնեն՝ ամրակայման աշխատանքները ժամ առաջ գլուխ հանելու նպատակով։

Համայնքային վարիչները խոշորացոյցի տակ առին նաեւ «İtimat Bürosu»ի դրութեան կատարելագործման վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023