ԱՊՐԻ՛ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԸ…
Կեդրոնականի աւանդական բաժակի օրը երէկ սանուց միութեան երդիքին տակ համախմբեց վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները, որոնք տօնական հրճուանքով փութացած էին կրկնելու համար իրենց կարգախօսը. «Ապրի՛ Կեդրոնականը, ապրի՛ կեդրոնականցին»։ Կէսօրուան ժամերուն միութեան հաւաքատեղիին մէջ սարքուած սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան կեդրոնականցիները։ Այս տարի եւս յոբելեար դասարաններու ընթացաւարտները արտասովոր հրճուանք ապրեցան՝ զիրար վերագտնելով աշակերտական տարիներու բարձր տրամադրութեամբ եւ դպրոցին նկատմամբ երախտագիտութեամբ։ Ներկաներու շարքին էին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ զանազան սերունդներէ կեդրոնականցիներ։ Սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին շրջանաւարտից հաւաքին մասնակիցները։ Բաժակի օրուան առթիւ ելոյթներ ունեցան Գէորգ Սիմքէշեան, Սիլվա Գույումճեան եւ Կարպիս Պալմումճու, որոնք ջերմ արտայայտութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտները։
Յիսնամեայ շրջանաւարտ դասարանէն ներկայ էին Պօղոս Էօզաշճը եւ Յովհաննէս Կարապետեան։ 25-ամեակի յոբելեար դասարանէն ներկայ էին Արիս Գովան, Փիէռ Թաշհան, Սեւան Իսքէնտէրօղլու, Գայա Կիւր, Յակոբ Արի Կիւլէչ, Պայքար Գափամաճեան, Նուրհան Աքքայա, Արտէն Ազարեան, Նուրհան Ճանիք, Միհրան Սիլիֆքէլի, Արթօ Էրտողան եւ Խաչիկ Էրտողան։
Բաժակի պահուն հանդէս եկան երիցագոյն կեդրոնականցին՝ Նշան Եաղուպեան եւ կրտսերագոյնը՝ Լիա Եահնիեան։
Հանդիսութեան տեւողութեան կեդրոնականցիները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին իրարու հետ՝ վերյիշելով իրենց աշակերտութեան տարիները, նաեւ փոխանակելով իրենց դիտարկումները դպրոցի այսօրուան վիճակին շուրջ։
Թրքահայ կեանք
- 02/17/2025