ՏՕՆԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին հերթական անգամ հիւրընկալեց համայնքային շրջանակները, թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան եւ սիրոյ սեղանին առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Հրանդ Չիզմէճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Աւետիս Էօզտեմիրի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ ներկաները անցան Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի ճաշարանը, ուր սարքուեցաւ սիրոյ սեղանը։ Նորին Սրբազնութեան գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ աշխարհիկ հաւաքոյթը, որու մասնակիցներու շարքին էին Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, երեսփոխան Սելինա Տողան, երեսփոխան Կարապետ Փայլան, Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճան, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Բոլոր ներկաները ջերմօրէն հիւրընկալուեցան Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի եւ իր ընկերներուն կողմէ։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Արեւ Սըրատաղ Աւանուսի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Պիւլենտ Քերիմօղլու, Մեսուտ Էօզտեմիր եւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ երրորդ դասարանի տղաքը խմբերգներ ներկայացուցին, Անիթա Քուրտօղլուի առաջնորդութեամբ։ Տատեանցի սաները պարերով ալ հանդէս եկան, Նարօտ Կիւլէչի մականին ներքեւ։ Արտասանեցին՝ Վանեսա Էզիքօղլու, Քամի Իւլիւթաշ եւ Արիանա Սարգիսեան։
Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խօսքով եւ աղօթքով։
Ծանօթ է, որ Պաքըրգիւղի ընտանիքը Տատեան վարժարանի նոր համալիրի կառուցման շրջանին դիմագրաւած էր բազմաթիւ լուրջ մարտահրաւէրներ եւ իւրաքանչիւր հանգրուանին արժանացած՝ համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան։ Այդ զօրակցութիւնը թէեւ շօշափելի ձեւով ունեցած է իր ապացոյցը, սակայն երէկուան մատաղօրհնութեան արդիւնքը հեռու մնաց ակնկալութիւնները արդարացնելէ, ուստի թաղային խորհուրդը յառաջիկայ շրջանին պիտի շարունակէ որոնումներու մէջ մնալ՝ շինարարական աշխատանքներով պայմանաւորուած պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու համար։