ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիս­կոպոս Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­շիլ­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Այս­պէս, հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Կո­րիւն Քահանայ Ֆէ­նէր­ճեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու եւ իր ըն­կեր­նե­րը Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լե­ցին՝ թա­ղի վար­ժա­րա­նի տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ։ Թա­ղա­կան­նե­րուն հետ էր նաեւ Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի նո­րան­շա­նակ տնօ­րէն Մե­լիք­ճան Զա­ման։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ դպրո­ցի գոր­ծու­նէու­թեան եւ թա­ղի կա­լուած­նե­րու ար­ժե­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը օրհ­նեց Ե­շիլ­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին կող­մէ կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը եւ յղեց յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ։

Միւս կող­մէ, տա­րե­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան ըն­դա­ռաջ Ե­շիլ­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տու­նը։ Այս­պէս, մեր հիւ­րերն էին ա­տե­նա­պետ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­րա Չը­նար եւ Փո­լիա­նա Էօս­մէ։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը անդ­րա­դար­ձան դպրո­ցի կա­ցու­թեան ու մա­նա­ւանդ պիւտ­ճէի բա­ցին։ Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նը թէեւ տա­րի­նե­րէ ի վեր կը յա­ջո­ղի ա­շա­կերտ­նե­րու ծնո­ղաց ա­ռա­ւե­լա­գոյն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վել տա­րե­կան պիւտ­ճէին, սա­կայն հրա­պա­րա­կի ընդ­հա­նուր դժուա­րին պայ­ման­նե­րը կը խո­չըն­դո­տեն նաեւ այդ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ Ե­շիլ­գիւղ մշտա­կան հա­սոյ­թի շատ սահ­մա­նա­փակ մի­ջոց­ներ ու­նի՝ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը դժուա­րա­նայ ա­ռանց հա­մայն­քի զօ­րակ­ցու­թեան դի­մե­լու ելմ­տա­կան հար­ցե­րը յաղ­թա­հա­րել։

Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու եւ ըն­կեր­նե­րը յի­շե­ցու­ցին, որ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը շա­րու­նա­կէ օ­րի­նա­կան գետ­նի վրայ յա­մառ պայ­քար մղել՝ Ե­շիլ­գիւ­ղի ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուած­նե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով ար­ժե­ւո­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ կ՚ա­ռանձ­նա­նայ շու­կա­յի տա­րած­քը, ո­րու վե­րա­բե­րեալ ըն­թա­ցա­կար­գի բա­րե­յա­ջող ա­ւար­տէն վերջ պի­տի ծա­ւա­լուի շի­նա­րա­րու­թիւն մը, ո­րու հա­սոյ­թը նա­խախ­նա­մա­կան դեր կրնայ ու­նե­նալ ոչ միայն Ե­շիլ­գիւ­ղի, այլ նաեւ մեր ամ­բողջ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։ Թէեւ շուրջ ե­րեք տա­րուան գոր­ծըն­թա­ցի մը մա­սին է այս­տեղ խօս­քը, սա­կայն սոյն հե­ռան­կա­րը ե­շիլ­գիւղ­ցի­նե­րը լա­ւա­տե­սու­թեան կը մղէ՝ թա­ղի ա­պա­գա­յի ե­րաշ­խա­ւոր­ման տե­սա­կէ­տէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016