Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ
Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Խաչ դպրեվանքի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տարեկան հանգանակութեան զուգահեռ պիտի նշուի հաստատութեան արդի վիճակով հիմնադրութեան տարեդարձը։
Դպրեվանքի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ խնամակալութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Պատրիարքարան։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան հիւրընկալեց ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճանը, Մուրատ Պէրպէրօղլուն, Մինաս Քորթունը եւ Սեդրակ Մենտիկեանը։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին խնամակալները նորին սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին վարժարանի այժմու կացութեան, կարիքներուն եւ խնամակալութեան կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Տեղապահ սրբազան հայրը այդ տեղեկութիւններուն լոյսին տակ փոխանցեց իր գնահատանքն ու օրհնութիւնները։ Նորին սրբազնութիւնը յայտնեց նաեւ, որ իրեն համար առաձնայատուկ նշանակութիւն պիտի ունենայ՝ իր իսկ աւարտած Դպրեվանքի հիմնադիրներուն, հանգուցեալ կրթական մշակներուն եւ սատարողներուն հոգեհանգստեան պաշտօնը։ Արդարեւ, սա առիթ մը պիտի ըլլայ անոնց յիշատակին հետ նոյնանալու առումով։
Հանդիպման աւարտին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յաջողութեան եւ կարողութեան հայրական մաղթանքներ յղեց Ս. Խաչ դպրեվանքի վարչայիններուն։
Միւս կողմէ, տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ, Թորոս Ալճան, Մուրատ Պէրպէրօղլու եւ Սեդրակ Մենտիկեան այցելեցին նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք նկարագրեցին հաստատութեան այժմու վիճակը։ Խնամակալութիւնը ուսումնական գետնի վրայ որդեգրած է կատարելապաշտ մօտեցում մը եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ յառաջ կը տարուին վարժարանէն ներս։ Կրթական գետնի վրայ դրսեւորուած այս ուշադրութեան առընթեր, խնամակալութիւնը հետամուտ է նաեւ հաստատութեան պատկանող կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատման յամառ պայքարին։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Խաչ դպրեվանքը ունի քանի մը կալուածներ, որոնք կրնան հաստատութիւնը դարձնել ինքնաբաւ, կրնան անոր ճակատագիրը փոխել եւ այդ բոլորէն վերջ կրնան նաեւ օգուտ ապահովել մեր ամբողջ համայնքին համար։ Խմբագրատանս մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին խնամակալութեան ներկայացուցիչները շեշտեցին, որ երկու դատավարութիւններու վճիռները արձակուած են իրենց ի նպաստ։ Նկատի ունենալով, որ երկու դատերու պարագային ալ պետական մարմիններու դէմ բացուած էին դատերը՝ անհրաժեշտաբար Վճռաբեկ ատեանի հարթութեան տեղափոխուեցաւ գործընթացը։ Երկրի առկայ իրավիճակին մէջ Վճռաբեկի որոշումները թէեւ կը յապաղին որոշ չափով, սակայն խնամակալներու կանխատեսումներով յառաջիկայ տարի արդէն կ՚արձակուին վերջնական վճիռները եւ կալուածներու վերաբերեալ կ՚ունենան նոր հեռանկարներ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Ս. Խաչ դպրեվանքի տարեկան հանգանակութեան համար։