ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած՝ Ամանորի աւանդական քէրմէսը։ Բացման փուլին աղօթք մը արտասանեց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, որ յաջողութիւն մաղթեց կազմակերպիչներուն։ Ներկայ էին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Ազնիւ Մեծատուրեան եւ Նուրհան Փալաքօղլու, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, ծնողաց միութեան ատենապետուհի Ժանէթ Արծիւեան, քէրմէսի յանձնախումբի ատենապետուհի Թանիա Պալճը։ Այցելուներու շարքին էր նաեւ թաղին քարոզիչը՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Քէրմէսի այցելուները տաղաւարներու մէջ գտան իրենց տրամադրութեան տակ դրուած զանազան ճաշակաւոր ձեռագործներ, աւանդական ուտեստեղէններ, ամանորեան շրջանի բնորոշ տօնական իրեր եւ զարդեր։ Այս քէրմէսի կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերած էին հետեւեալ անունները.

Ժանէթ Արծիւեան, Այլին Միքայիլօղլու, Այլին Սանթալու, Այփերի Փեքսեզէր, Էլիզ Ահճը, Հայրիյէ Փէք, Իլտա Աշճը, Գարօլին Քեպապճը, Նաթալի Օքթայ, Լետա Խրիմեան, Լեռնա Էօրտէքօղլու, Լորա Չեթինքայա, Լուսի Ալթընչընար, Օլինքա Հատտէլէր, Շիլա Մինազ, Սիլվա Քըրալըմ, Սիրանոյշ Մինասօղլու, Դալար Տոլար, Զիւպէյտէ Կէօքչէ, Աննա Սարըօղլու, Թանիա Պալճը, Շաքէ Սիմքէշեան, Նուարդ Խաչերեսօղլու, Ալիս Մատղաշեան, Ժիւլիէթ Տէօնէր, Նաժտա Ֆոսքոլօ, Լիզա Թուր, Լուսին Քըյըճը, Էլիզապէթ Իփէքլի, Մաթիլտա Սուլուօղլու, Սուզան Չելիքթոփ, Այտա Տիտոնեան, Սուլթան Ուլուաք եւ Իսկուհի Չոլաք։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2017