ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւս թաղականներուն հետ փութացած էր Գումգաբու։

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս վերջին ամիսներուն վերանորոգութեան աշխատանքներ կ՚իրականացուին եւ այդ պատճառով պաշտամունք տեղի չ՚ունենար։ Զրոյցի ընթացքին թաղականները տեղեկացուցին, որ աշխատանքները արդէն աւարտած են եւ եկեղեցին պատրաստ է պաշտամունքի վերաբացման։ Անոնք խնդրեցին, որ ընդհանուր փոխանորդը կատարէ օծումը եւ նախագահէ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ուստի, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին տարեկան անուան տօնախմբութենէն օր մը առաջ՝ 29 դեկտեմբերին պիտի օծուի ու պիտի վերաբացուի պաշտամունքի։ 30 դեկտեմբերին ալ նախատեսուած է տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գնահատեց թաղային խորհուրդին կողմէ տարուած աշխատանքը՝ փոխանցելով իր օրհնութիւններն ու կարողութեան մաղթանքները։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018