ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՔԷՐՄԷՍ

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ՝ ամանորեան շրջանի աւանդական քէրմէսը։

Դպրոցի սրահի երդիքին տակ պատրաստուած տաղաւարները այցելեցին հոծ թիւով համակիրներ։ Ծնողաց միութեան կողմէ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն էր այս մէկը, որուն աջակցեցան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան եւ դպրոցի տնօրէն Շահին Չընար։

Քէրմէսի այցելուները անմիջական հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին տաղաւարներուն վրայ մատուցուած տօնական շրջանի բնորոշ իրեղէններու եւ ձեռագործ աշխատանքներու ու զանազան ուտեստեղէններու նկատմամբ։

Քէրմէսը կազմակերպած ծնողաց միութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.

Փոլիաննա Աքսու (ատենապետուհի), Ալիս Քէօրօղլու, Այնուր Վուրալ, Սուզաննա Տաղճը, Թալին Կէզ, Նարին Արզուման, Նաթալի Արսլանեան, Նելլի Այվազեան, Աղաւնի Թիւյսիւզ եւ Նատիա Արթան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2019