ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներ՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլն ու հաստատութեան այլ պատասխանատուները։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ 2 փետրուար 2025 թուականին տեղի պիտի ունենայ այս դպրոցին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը՝ Հորոզօղլուներն ու պատասխանատուները Պատրիարքարան փութացած էին՝ ստանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Զրոյցի ընթանցքին Նորին Ամենապատուութիւնը թարմ տեղեկութիւններ քաղեց դպրոցի վիճակին շուրջ եւ գնահատեց անոր առանձնայատուկ առաքելութիւնը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց այս վարժարանին ի նպաստ տարուած աշխատանքը, գործադրուած ջանքերը եւ պատասխանատուներուն յղեց յարատեւութեան բարեմաղթանքներ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2024