ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Համայնքային շրջանակները այս շաբաթավերջին ժամադրուած են Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ նախատեսուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին համար։ Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենան հանդիսութիւնները, որոնց ընդառաջ նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին ատենապետը տեղեկացուց, թէ Կեդրոնական վարժարանի մէջ այս տարի 222 աշակերտ կ՚ուսանի։ Անոնցմէ 126-ը աղջիկ է, իսկ 96-ը մանչ։ Այս տարի 65 նոր աշակերտ արձանագրուած է Կեդրոնական վարժարան, որու անցեալ տարուան 50 շրջանաւարտներուն բոլորն ալ յաջողած են մուտք գործել համալսարան։ Նկատի ունենալով, որ համալսարանի մտից քննութիւններուն պատրաստուելու համար աշակերտները կը յաճախէին դասընթացքներու եւ անոնք այս տարի դադրած են, Կեդրոնականի մէջ պատրաստութիւն տեսնուած է՝ տղաքը այդ հնարաւորութենէն չզրկելու եւ առաւել արդիւնաւէտութեամբ քննութիւններուն պատրաստելու համար։
Յարութիւն Էպէօղլու դիտել տուաւ, թէ Կեդրոնական վարժարանի կրթական գետնի վրայ արդիւնքները ընդհանրապէս կը համարուին գոհացուցիչ, իսկ այդ երթը կայուն պահելու համար կը ձգտին նիւթական հաւասարակշռութիւններն ալ երաշխաւորել։ Այս տարի ալ խնամակալութիւնը կ՚ապաւինի համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան՝ դպրոցին երթը անխաթար պահելու համար։ Թէ՛ խնամակալութիւնը եւ թէ մեր ազգայիններէն Հայկ Ասլանեանին կողմէ գլխաւորուած կարգադիր յանձնախումբը թափով կ՚աշխատին՝ Կեդրոնականի պարագային առաւելագոյն աջակցութիւնը ապահովելու համար։
Ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու երէկուան այցելութեան ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ նաեւ այն կալւածներուն շուրջ, որոնք կը տնօրինուին Ղալաթիոյ խնամակալութեան կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը Տոլափտէրէի մէջ ունի կալւած մը, որու արժեւորման վարկածներուն շուրջ երկար ժամանակէ ի վեր կը ծաւալուէին քննարկումներ։ Այս տարուան մատաղօրհնութեան ընդառաջ խնամակալութիւնը արդէն համայնքային շրջանակներուն համար ունի դրական լուրեր։ Արդարեւ, շինարար կազմակերպութեան մը հետ խնամակալութիւնը 25 տարուան ժամկէտով կնքած է պայմանագիր մը։ Այդ տարածքին վրայ պիտի կատարուի շինարարութիւն մը, որու համար շինարարար կազմակերպութիւնը անհրաժեշտ վճարումները պիտի կատարէ Ղալաթիոյ խնամակալութեան եւ 25 տարուան պայմանաժամի աւարտին կառուցուելիք շէնքին սեփականութեան իրաւունքը պիտի պատկանի դարձեալ Ղալաթիոյ խնամակալութեան։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Կեդրոնականի շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024