ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆԻՆ ՍԿԱՒԱՌԱԿԸ

Մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի հա­մակ­րե­լի մե­ներ­գիչ­նե­րէն Պար­թեւ Կա­րեան այս շրջա­նին ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է սկա­ւա­ռակ մը։ Սա հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ, որ Պար­թեւ Կա­րեա­նի հա­մա­կիր­նե­րը երբ որ փա­փա­քին, կա­րե­նան ի­րենց բնա­կա­րա­նի կամ գոր­ծա­տե­ղիի եր­դի­քին տակ հիւ­րըն­կա­լել հա­մակ­րե­լի ա­րուես­տա­գէ­տը, որ եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր ծա­ռա­յու­թիւն կը բե­րէ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան։ Եր­կու սկա­ւա­ռակ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ ծրար մը ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն կը հրամց­նէ Պար­թեւ Կա­րեան եւ այս գոր­ծին ող­նա­յա­րը կազ­մած է 2015 թուա­կա­նի իր հա­մեր­գը։ Սկա­ւա­ռա­կին մէջ կան նաեւ բա­ժին­ներ, ո­րոնք Պար­թեւ Կա­րեա­նի եւ մե­ներգ­չու­հի Մա­րալ Չաղ­լը­չու­պուք­ճուի զու­գերգ­նե­րը կը ցո­լաց­նեն։ «Ա­ռա­գաստ» նուա­գա­խումբն ալ սկա­ւա­ռա­կին մէջ ներ­կայ է իր բա­ժի­նով։ Սկա­ւա­ռակ­նե­րու թո­ղարկ­ման ծրագ­րին շրջագ­ծով բո­լոր պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նած է Ար­թօ Տա­վուլ­ճեան։

Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Պար­թեւ Կա­րեա­նը, որ փա­փա­քած էր մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թալ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար սկա­ւա­ռա­կը։ Ան­տա­րա­կոյս սա պի­տի ըլ­լայ ե­զա­կի օ­ղակ մը, որ յա­ւե­լեալ մի­ջո­ցով մը կապ պի­տի հաս­տա­տէ Պար­թե­ւին եւ իր ունկն­դիր­նե­րուն մի­ջեւ։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016