ԷՍԱԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ բիւր յարգանքով ոգեկոչուեցան բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Էսաեան վարժարանի հիմնադիրները հերթական անգամ վերյիշուեցան բիւր յարգանքով եւ Էսաեան մեծ ընտանիքի երկիւղած զգացումներով։

Օրուան պատարագիչն էր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ եւ Շանթ Էօզպիւլպիւլի երգեհոնահարութեամբ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Վահրամ Վարդանեան եւ իր ընկերները, թաղային խորհուրդի դիւանապետ Վաղարշակ Չիլճեան, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, ուսուչցական կազմէն ներկայացուցիչներ, դպրոցէն աշակերտներ եւ զանազան սերունդներէ էսաեանցիներ։ Բոլորը աղօթեցին դպրոցի բարեյիշատակ հիմնադիրներու հոգւոյն հանգստութեան համար եւ իրենց խոնարհումը բերին անոնց բարոյական ներկայութեան առջեւ։

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ներկաներուն բաժնուեցաւ հրուշակ։

 

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2018