ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Անուանակոչութեան տօնին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցաւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի երբեմնի ատենապետ հանգուցեալ Շապուհ Չոլաքեան, իր կողակիցը՝ հանգուցեալ Սիլվա Չոլաքեան եւ իրենց հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Մուրատ Կսրկ. Կոստանեան եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզիչ հայր սուրբը բացատրեց անուանակոչութեան իմաստը եւ ըսաւ. «Իւրաքանչիւր անուն իր իմաստն ու զօրութիւնը ունի։ Անուանակոչութեան տօնին, Յիսուս մանուկին անունը պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ։ Յիսուս կը նշանակէ փրկիչ։ Քրիստոնեայ հաւատացեալներու համար այս անունը իր մասնաւոր նշանակութիւնը ունի, քանի որ Յիսուս կը խոստանայ Աստուածային փրկութիւն»։ Այս առթիւ, Ս. Գիրքի եւ Ս. Եկեղեցւոյ գծով Յիսուս Փրկչի մօտենալու անհրաժեշտութեան անդրադառձաւ։ Իր խօսքերու աւարտին, հայր սուրբը ըսաւ նաեւ, թէ անձերու համար երանութիւն է, երբ իրենց անունները կը յիշատակուին բարի համբաւով։ Այնուհետեւ, յիշեցուց Գատըգիւղի ազնիւ անձերէն Շապուհ Չոլաքեանն ու կողակիցը՝ Սիլվա Չոլաքեանը, որոնք բարեհամբաւ անձեր դարձած էին թաղէն ներս եւ իրենց բարի կենցաղին որպէս արդիւնք եկեղեցին առաւել հանդիսաւորութեամբ կը նշէր կատարուած բարի գործերը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Չոլաքեան եւ Մեծարեան ընտանիքներու հանգուեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019