ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ղա­լա­թիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ո­գե­կո­չուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րա­նաշ­նորհ գա­հա­կալ­նե­րէն Յով­հան­նէս Կո­լոտ Բա­ղի­շե­ցի՝ վախ­ճան­ման տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։ Ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան եւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան, Ար­մե­նակ Սրկ. Գա­զան­ճեան եւ ու­րա­րա­կիր Գա­րե­գին Ա­ւե­տի­քեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն կող­մէ։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ Ղա­լա­թիոյ ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Ա­մե­նափր­կիչ նկու­ղա­յին մատ­րան մէջ, ուր կը գտնուին Կո­լոտ եւ Գրի­գոր Կե­սա­րա­ցի պատ­րիարք­նե­րու շի­րիմ­նե­րը։

Հա­յաս­տա­նի լրա­տուա­մի­ջոց­ներն ալ կ՚անդ­րա­դառ­նան վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ կաս­կա­ծեալ­նե­րուն կա­րե­ւոր մէկ մա­սը Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի է, հե­տե­ւա­բար հան­րա­յին կար­ծի­քը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի ի­րա­դար­ձու­թեան։ Կը մատ­նան­շուի, որ ե­րեք ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի­ներ են։ Ա­նոնք կը կո­չուին Ար­թուր Ա., Ա­րամ Է. եւ Սէր­կէյ Բ.։

Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը յստա­կա­ցած չեն Յա­կոբ Տե­միր­ճիի մա­հուան դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն շուրջ։ Կը մատ­նան­շուի, որ յստակ պատ­ճա­ռը կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ գիտ­նալ դա­տաբժշ­կա­կան քննու­թե­նէն վերջ, իսկ այդ գոր­ծըն­թա­ցը կրնայ տե­ւել շուրջ մէ­կու­կէս ա­միս։

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016