«ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ԵՄ…»
Կրօնական ժողովի հրաժարեալ ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ մինչ ամբողջ համայնքին ուշադրութիւնը լարուած է իր վրայ։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ան մեզի յայտնեց, թէ այլեւս չի բնակիր Պատրիարքարանին մէջ, լքած է իր սենեակը ու փոխադրուած՝ հօրենական բնակարանը, որ կը գտնուի Պաքըրգիւղի մէջ։ «Քաղաքին մէջ եմ, սակայն եկեղեցի պիտի չերթամ, որովհետեւ կրնայ ուրիշ ձեւով մեկնաբանուիլ։ Չեմ ուզեր ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ կը շարունակեմ աշխատիլ», ըսաւ ան։
Մեր զրոյցին ընթացքին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կրկնեց իր քննադատութիւնները՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, հոգեւորականաց դասուն եւ համայնքային վարիչներուն նկատմամբ։ Ան հոգեւորականաց դասը մեղադրեց՝ յայտնելով, որ անդամները վախկոտ են։ Աշխարհական վարիչներն ալ ամբաստանելով՝ Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ. «Բոլորը իրենց գործին մէջ յաջող մարդիկ են։ Արդեօք պիտի հանդուրժէի՞ն իրենց գործերուն մէջ անձի մը, որ երկու օրուան գործը չի կրնար աւարտել ինն տարուան ընթացքին»։
Ապագայի վերաբերեալ իր մօտեցումներն ու ակնկալութիւնները ան բանաձեւեց ըստ հետեւեալի. «Արամ Սրբազանն է, որ կը ձախողեցնէ այս ընտրութիւնը։ Անկողմնակալ մէկը պէտք է ըլլայ տեղապահ, օրինակ պարզ քահանայ մը եւ ինքը պէտք է վարէ այս գործընթացը։ Եթէ այս բանը ըլլայ, ապա ես կը շարունակեմ ծառայել ազգիս։ Արամ Սրբազան եթէ այս բանը ցայսօր ըրած ըլլար, ապա արդիւնքը շատ լաւ պիտի ըլլար։ Սակայն, եթէ նոյնիսկ այսօր ընդունի ընել, արդէն այլեւս ուշ է։ Եթէ Արամ Սրբազանը մնայ, ուրեմն ես կ՚երթամ։ Ես իրեն հետ մշակած եմ բարեկամութիւն, սակայն ազգին շահը գերադաս կը համարեմ այդ բարեկամութենէն։ Ես, իրականութեան մէջ, այսպէս անձ մը չեմ, խաղաղ ու հանգիստ բնաւորութիւն մը ունիմ եւ չեմ ուզեր այսպէս երեւիլ։ Երեւակայեցէք, հոգեւորականաց դասուն անդամները նոյնիսկ չեն հեռաձայներ ինծի։ Միայն, Հայր Թաթուլն ու Տէր Գրիգորը հեռաձայնելով մխիթարական խօսքեր ըսին։ Տէր Տրդատն ալ փութաց իմ այցելութեան։ Բազմաթիւ աշխարհականներ եւ համայնքային վարիչներ ինձ հետ կապի մէջ են։ Օրինակ՝ շատ օգտակար զրոյց մը ունեցայ մեր բարերարներէն Արէտ Երկանեանի հետ։ Համայնքը պէտք ունի իր խոհեմութեան։ Արամ Սրբազան ո՛չ արժանի է պաշտօնի եւ ո՛չ ալ կրնայ ընել այդ գործը»։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մեր զրոյցի աւարտին յայտնեց, որ քանի կ՚անցնի ժամանակը՝ ինքզինքը կը զգայ աւելի հանդարտ ու հանգիստ։ Ան ընդգծեց, որ ինք Կրօնական ժողովի ատենապետութենէն հրաժարած է ու կը մնայ անդամ։ Անդամութենէ չէ հրաժարած, որովհետեւ զինքը ընտրող մարմնին պէտք է ներկայացնէ հրաժարականը, իսկ այդ մարմինն է Մութաֆեան Պատրիարքը ընտրած Ազգային պատգամաւորական ժողովը։ Նոյնպէս, «Յովակիմ 1461» հիմնարկի վարչութեան փոխ-ատենապետի պաշտօնէն հրաժարած է, սակայն կը մնայ անդամ։ «Այս հիմնարկը մինչեւ հիմա օրինապէս որեւէ խնդիր չէ ունեցած։ Բուն հարցերը կը վերաբերին Պէյքոզի տարածքի գործարքին։ Այս հիմնարկէն անկախ ձեւով պէտք է արժեւորուի այդ տարածքը, այլապէս շատ վտանգաւոր պարագաներ կրնան յառաջանալ», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, որ կը շարունակէ յանձնառու մնալ Պէյքոզի պարագային ստանձնած պատասխանատուութիւններուն համար։
Զրոյցի եզրափակիչ փուլին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտնեց, որ հետաքրքրութեամբ կը սպասէ վաղուան ժողովի արդիւնքին։ «Ես այս քաղաքին մէջ մնալու պայմաններս յստակ նշած եմ։ Պայթում մը, պոռթկում մը ունեցայ։ Հաւաքական երկար սխալներու կուտակման հետեւանքն է այս մէկը։ Բոլորը, բոլորս յանցաւոր ենք։ Ես կ՚ընդունիմ, որ կրօնաւորները իմ հոգեւոր եղբայրներս են, կը հաւատամ՝ որ ամէն ինչ պիտի վերականգուի, քարերը իրենց տեղը պիտի իյնան։ Շուրջ տասն տարուան ծանր հետեւանքներով փլատակ մը պէտք է հաւաքենք։ Պէտք է դարման մը գտնենք այս վիճակին, սակայն համայնքը գլուխ չունի», եզրափակեց ան։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաժարականին կապակցութեամբ կայ նաեւ ուրիշ նրբութիւն մը, որ ունի էական, առանցքային նշանակութիւն։ Ան մեզի յայտնեց, որ իր հրաժարականը տակաւին չէ պաշտօնականացուցած։
«Ես միայն հանրութեան ուղղեալ պատգամով մը յայտնած են իմ հրաժարականիս մասին։ Տակաւին պաշտօնական որեւէ նամակ չեմ ուղարկած Պատրիարքարան։ Իմ հրապարակած հրաժարականին մէջ նշուած բոլոր կէտերը պայմանական են։ Կ՚ուզեմ բացատրել հետեւալը. առկայ բոլոր հարցերու պարագային մեծագոյն պատասխանատուութիւնը կրողներէն մին ես եմ, բայց ես առանձինն անճարակ եմ։ Հիմա կը տեսնեմ, որ իմ հնչեցուցած ահազանգը արդէն տեղը կը հասնի։ Պիտի դիտարկեմ յառաջիկայ իրադարձութիւնները։ Այս բոլոր քաոսէն վերջ ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Ես ուխտած եմ ծառայութեան համար, ոչ թէ թողուլ-փախչելու համար։ Եթէ իմ ահազանգով ստեղծուած մթնոլորտը շարունակուի, կրնայ նաեւ ամէն ինչ փոխուիլ։ Եթէ տեսնեմ, որ ես այս ընթացքը փոխելու ի զօրու եմ, ապա կրնամ վերատեսութեան ենթարկել ամէն ինչ։ Իսկ եթէ ամէն ինչ այժմու ձեւով շարունակուի, ապա այժմ իմ կողմէս պարզապէս յայտարարուած հրաժարականը ես պիտի պաշտօնականացնեմ։ Այսինքն, հիմա սպասումի մէջ եմ», աւելցուց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։