ԾԱՆՐ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ երկար ժամանակ առաջ յայտարարած էր իր թեկնածութիւնը պատրիարքական պաշտօնին համար, հարցազրոյցով մը անդրադարձած է Պատրիարքարանի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն։ Իր գլխաւորած թեմի առաջնորդարանէն խմբագրութեանս ուղարկուած է այդ հարցազրոյցը՝ երէկուան թուականով։ Ինչպէս եղած է ուրիշ անգամներ եւս, այս անգամ ալ Գուգարաց թեմի առաջնորդարանի աղբիւրներուն կողմէ տարածուած հարցազրոյցէն կարելի չէ հասկնալ, թէ այդ հարցազրոյցը ո՞ր լրատուամիջոցին տրուած է եւ որո՞ւ կողմէ կատարուած է։ Յամենայնդէպս, մէկ հարցումէ, նաեւ բնականաբար մէկ պատասխանէ բաղկացեալ այդ հարցազրոյցին մէջ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան խիստ քննադատութեան առարկայ դարձուցած է Կրօնական ժողովը՝ Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ 5 Փետրուարին Պատրիարքարան հասած նամակի տրամադրութիւններու հիման վրայ առնուած որոշման, կատարուած կարգադրութիւններուն բերումով։ Նորին սրբազնութեան քննադատութիւնները սահմանափակ չեն մնացած Կրօնական ժողովով, այլ տարածում գտած են նաեւ Թուրքիոյ պարագային։ Արդարեւ, ան պետութեան կողմէ կատարուած վերջին կարգադրութիւնները որակած է անվայել։ «Տարօրինակ ու անտրամաբանական շատ բաներ կատարուեցան անցնող տասն տարիներուն եւ այժմ ալ, այս օրերուն եւս, այն ինչ որ կատարուեցաւ՝ շատ անսպասելի էր եւ գրեթէ անհասկնալի ու անպատուաբեր մեր բոլորին համար», ըսած է ան հարցազրոյցին մէջ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, ըստ էութեան, քննադատութեան հիմնական թիրախը դարձուցած է Կրօնական ժողովը։ Այս առընչութեամբ ան ըսած է հետեւեալը. «Սակայն մեր ցաւը կը յայտնենք յատկապէս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան բարձրագոյն կրօնական մարմնին՝ Պատկառելի Կրօնական ժողովի անսկզբունք եւ անարժանապատիւ կեցուածքին համար, քանի որ պետական միջամտութեան առջեւ անկարող գտնուեցաւ եւ չկարողացաւ ճշմարտութիւնը բացատրել։ Հայ համայնքը կ՚ակնկալէ, որ Թուրքիոյ հայութիւնը ներկայացնող Պատրիարքութեան բարձրագոյն մարմինը պատշաճ բացատրութիւններով եւ համապատասխան լուսաբանութիւններով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կրնար օգնել՝ որպէսզի անոնք հասկնային եկեղեցական կարգ ու կանոնը, աւանդութիւններու պահպանման կարեւորութիւնը եւ հայ համայնքի ակնկալութիւններն ու սպասումները։

«Ափսոս, որ Կրօնական ժողովը իմաստութիւն եւ հեռատեսութիւն չունեցաւ բարեյաջող ելք ապահովելու ստեղծուած վիճակէն։ Այդ այսպէս կոչուած բարձրագոյն մարմինը, հակասելով տարի մը առաջ իր իսկ կատարած օրինական ընտրութեան, շեղեցաւ մեր եկեղեցւոյ բազմադարեայ ժողովական եւ ժողովրդական ընտրական սկզբունքներէն։ Սա վատ նախադէպ մըն է եւ շատ վտանգաւոր որոգայթ մը պատրիարքական ընտրութիւններէն առաջ՝ յղի անկանխատեսելի հետեւանքներու։

«Այսպէսով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրապատական չորրորդ Աթոռի կրօնական բարձրագոյն հոգեւոր կառոյցի դարաւոր հեղինակութեան մեծ ու անդառնալի հարուած մը հասած է»։

Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան մատնանշած է, որ 9 Փետրուար 2018 թուականի Կրօնական ժողովի որոշումը անգամ մը եւս մեծ յուսախաբութեան մատնած է ոչ միայն պոլսահայութիւնը, այլեւ համայն հայութիւնը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018