ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ մեծ խրախճանք մը։ Ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարուան Բարեկենդանի խրախճանքն ալ տօնական մթնոլորտի առիթ հանդիսացաւ դպրոցէն ներս։ Թէ՛ մանկապարտէզի, թէ՛ նախակրթարանի եւ թէ միջնակարգի տղաքը այս խրախճանքին առթիւ համախմբուեցան դպրոցի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ։ Անոնք իրենց գոյնզոյն տարազներով մասնակցութիւն բերին ծրագրին եւ իւրաքանչիւրը արդէն ինքնին կը մարմնաւորէին Բարեկենդանի կերպար մը։ Տղաքը բարձր տրամադրութիւնով երգեցին, պարեցին, նաեւ զուարճացան հրաւիրեալ հտպիտներու առաջնորդութեամբ։

Այս տօնական ձեռնարկի ծիրէն ներս պատուասիրութիւն մըն ալ նախատեսուած էր աշակերտներուն համար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018