Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն քաղաքէս հրաժեշտ կ՚առնէ մեկնելու համար Հայաստան։ Նորին սրբազնութիւնը Քիեւի վրայով կ՚ուղեւորուի Երեւան։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար ժամանակէ ի վեր Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները ընդհատուած են։ Ան վաղը առաւօտեան կանուխ ժամերուն պիտի հասնի Հայաստան։ Քանի մը օր մնալէ վերջ, շաբաթավերջին նորին սրբազնութիւնը վերադարձած պիտի ըլլայ քաղաքս։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առթիւ մեզի յայտնեց, որ սա զուտ անձնական ուղեւորութիւն մըն է։

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2021