ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ։ Այս­պէս, ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ Մե­լի­սա Ֆե­րա­հեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին դպրո­ցի 8-րդ դա­սա­րա­նի սա­նե­րը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այ­ցե­լու­թիւ­նը կը զու­գա­դի­պէր Ս. Զատ­կուան տօ­նին նա­խոր­դած ներ­կայ շրջա­նին՝ զրոյ­ցը ըն­թա­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ա­շա­կերտ­նե­րը հե­տաքրք­րուե­ցան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի պատ­մու­թեամբ եւ ներ­կայ գոր­ծու­նէու­թեամբ։ Ա­նոնք այդ հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խան­նե­րը ստա­նա­լէ վերջ դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով հրա­ժեշտ ա­ռին խմբագ­րա­տու­նէս։

 

 

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016