ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան հա­մա­լի­րէն ներս «Նա­տիա եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» գե­ղա­րուես­տի աշ­խա­տա­նո­ցը ար­դէն կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին նոր շունչ մը բե­րած է մեր ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կեան­քին։ Աշ­խա­տա­նո­ցի եր­դի­քին տակ ստե­ղծուած է ար­տա­սո­վոր խան­դա­վա­ռու­թեան մթնո­լորտ։ Շա­բա­թա­վեր­ջե­րուն, բա­ռին բուն ի­մաս­տով, ե­րի­տա­սար­դա­կան շար­ժում մը կը ստեղ­ծուի գե­ղա­րուես­տա­կան այս աշ­խա­տա­նո­ցէն ներս։ Դպրո­ցա­հա­սակ կամ ա­ւե­լի փոքր տա­րի­քի մա­նուկ­ներ, պա­տա­նի­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ, ի­րենց ծնող­նե­րով հան­դերձ, այդ հա­մա­լի­րէն ներս կը ծա­ւա­լեն բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թիւն։ Այդ աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ռիթ կ՚ըն­ձե­ռեն, որ­պէս­զի թէ՛ ա­նոնք միաս­նա­բար ար­տադ­րե­լու հա­ճոյ­քը ըմ­բոշխ­նեն եւ թէ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հա­ղորդ դառ­նան մեր մշա­կոյ­թին։

Գա­րա­կէօ­զեա­նի հա­մա­լի­րէն ներս, աշ­խա­տա­նոց­նե­րու ձե­ւա­չա­փով կը կազ­մա­կեր­պուին դա­սըն­թացք­ներ։ Այս ծրա­գի­րը կը հո­վա­նա­ւո­րուի խնա­մա­կա­լու­թեան եւ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ։ Հա­մա­կար­գողն է Առ­լին Շահ­պազ Շե­րե­մէթ։ Աշ­խա­տա­նո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու Ար­տէն Եա­նարն ալ ա­ջակ­ցու­թիւն կը բե­րէ աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Շա­բա­թա­վեր­ջե­րուն բազ­մաբ­նոյթ ճիւ­ղե­րու մէջ դա­սըն­թեցք­ներ կը կազ­մա­կեր­պուին Գա­րա­կէօ­զեա­նէն ներս։ Ներ­կա­յիս ար­դէն դա­սա­րան­ներ բա­ցուած են հե­տե­ւեալ ճիւ­ղե­րուն մէջ, ո­րոնց իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր մաս­նա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու ու­սու­ցի­չը. Պա­լէ (Մա­րալ Քա­լեն­տէ­րօղ­լու), թե­նիս (Շա­հին Եըլ­տըզ), յախ­ճա­պա­կիի մշա­կում (Էմ­րէ Աթ­թը­րը­ճըօղ­լու), եր­գի­ծան­կար (Սար­գիս Փա­չա­ճը), եո­կա (Նա­թա­լի Չաղ­լա­յան), փլա­թէս (Ա­նի­թա Թահ­մին­ճիօղ­լու), հա­յե­րէ­նով խա­ղե­րու խմբակ (Ռո­մի­նա Սի­նան), ճատ­րակ (Սա­յաթ Թուղ­լա­ճը), մար­զանք (Էօզ­կէն Շեն­կելէն), պա­թե­րի (Ալ­փէ­րէն Ալ­քան), հիփ-հոփ (Նո­րա Թոք­յով­սէ­փեան), գծա­ֆիլ­մե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն (Հավ­վա Քան­կալ), զում­պա (Թա­լին Մի­նա­սօղ­լու)։

­Ցարդ բա­ցուած այս ճիւ­ղե­րուն ա­ռըն­թեր նա­խա­տե­սուած են նաեւ այլ հե­տե­ւեալ դա­սա­րան­նե­րը՝ դար­ձեալ մաս­նա­ւոր ու­սու­ցիչ­նե­րով.

Անգ­լե­րէ­նով խա­ղե­րու խմբակ (Առ­լին Շահ­պազ Շե­րե­մէթ), աի­քի­տօ (Ա­րի Քիւ­տեան), լու­սան­կար­չու­թիւն (Մա­նուէլ Չը­թաք), կի­թառ (Ա­րի Հեր­կել), փեր­քիւ­սիոն (Ալ­փէ­րէն Ալ­քան), օ­րի­կա­մի (Մի­վա­քօ Քի­թա­հա­րա)։­

Ի լրումն այս բո­լո­րին աշ­խա­տա­նո­ցի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը տրա­մա­դիր է նաեւ ի պա­հան­ջել հար­կին հաս­տա­տել ջու­թա­կի, աք­սե­լիու­մի եւ «Մայնտ լեպ»ի դա­սըն­թացք­ներ։

Այս բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տա­նո­ցը մեր հա­մայն­քի նոր սե­րուն­դին տե­սա­կէ­տէ ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին լուրջ այ­լընտ­րանք մըն է։ Ծա­նօթ է, որ մեր հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու շուրջ մէկ եր­րոր­դը կը գտնուին Շիշ­լիի մէջ կամ մեր­ձա­կայ­քին։ Նոյն­պէս հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան կա­րե­ւոր տո­կոսն ալ խտա­ցած է այդ շրջա­նին մէջ։ Հե­տե­ւա­բար, այս աշ­խա­տա­նոց­նե­րը մեր հա­մայն­քի ընդ­հա­նու­րին տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան մը նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նի։ Գա­րա­կէօ­զեա­նի ըն­տա­նի­քը շատ հե­ռա­տես եւ նպա­տա­կա­յար­մար քայլ մը ա­ռած է՝ «Նա­տիա եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցը մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար ե­ռուն բոյ­նի մը վե­րա­ծե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Այս նա­խա­գի­ծը տա­կա­ւին սկզբնա­կան հանգ­րուա­նին ու­նե­ցած է շատ դրա­կան ար­ձա­գանգ եւ ար­ձա­նագ­րած՝ նկա­տե­լի յա­ջո­ղու­թիւն, ինչ որ շա­րու­նա­կու­թեան տե­սա­կէ­տէ կը ներշն­չէ մեծ լա­ւա­տե­սու­թիւն։

          

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017