ՍԻՊԻԼԻ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ՀԱՄԵՐԳԸ

Յայտնի մեներգչուհի Սիպիլի Պէյրութի համերգը դարձած է իսկական գեղարուեստական դէպք մը։ Ան խոր տպաւորութիւն գործած է լիբանանահայ երաժշտասէրներուն վրայ, որոնք ջերմօրէն ողջունած են զինքը։ Մեկնաբանական բարձր կարողութիւններով Սիպիլ անբացատրելի մթնոլորտ մը ստեղծած է համերգասրահին մէջ՝ յաջողելով գրաւել բոլորին սիրտը։ Իր կեցութեան օրերուն համակրելի մեներգչուհին այցելած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը։

Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը լայնօրէն արձագանգած է Սիպիլի բարեսիրական համերգին՝ դրուատալից նկարագրականով մը։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2022