ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆԻ Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Չա­րու­թեան հին խմո­րը 
դուրս նե­տե­ցէք ձեզ­մէ, 
որ­պէս­զի ամ­բող­ջու­թեամբ նոր եւ անխ­մոր զան­գուած մը ըլ­լաք» 
(Ա. Կորնթ. 5.7)։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ։
ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ։

Սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուրդ,

Այ­սօր կը տօ­նենք Քրիս­տո­սի Ս. Յա­րու­թեան տօ­նը որ­պէս յաղ­թա­նա­կի օր։ Քրիս­տոս կ՚ը­սէ. «Ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին»։ Այս յաղ­թա­նա­կը բո­լո­րիս կը ներշն­չէ լա­ւա­տե­սու­թիւն, յոյս, եր­ջան­կու­թիւն եւ հո­գե­ւոր մխի­թա­րու­թիւն։ Աշ­խար­հիկ մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս կը հպար­տա­նան ի­րենց ձեռք բե­րած նիւ­թա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րով, իսկ ճշմա­րիտ քրիս­տո­նեան կը հպար­տա­նայ իր ձեռք բե­րած հո­գե­ւոր եւ բա­րո­յա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րով։ Սա­կայն այդ ալ դիւ­րին չէ ձեռք բե­րել, քա­նի որ մեր ապ­րե­լա­կեր­պով ու օ­րի­նա­կով պէտք է ներ­կա­յա­նանք Քրիս­տո­սի՝ յաղ­թա­կան։

Մեծ պահ­քի եօթ շաբ­թուան հո­գե­պա­րար շրջա­նէ մը ետք, մեր մա­տու­ցած ա­ղօթք­նե­րով, կա­տա­րած բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րով ու ծո­մա­պա­հու­թե­նէ ետք հա­սանք ա­հա­ւա­սիկ յաղ­թա­նա­կի այս օ­րուան, տես­նե­լու ու ներշն­չուե­լու հա­մար Սուրբ Գե­րեզ­մա­նէն ծա­գած լոյ­սով ու հրեշ­տա­կին տուած մխի­թա­րիչ ա­ւե­տի­սով, թէ՝ «հոս չէ, այլ յա­րեաւ»։

Մենք, որ­պէս մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն ու­նե­ցող մե­ղա­ւոր­ներ, յա­ճախ են­թար­կը-ւած ենք սա­տա­նա­յի փոր­ձու­թեան, ինչ­պէս են­թար­կուե­ցաւ մեր նա­խած­նող­քը՝ Ա­դամն ու Ե­ւան, ո­րով կորսն­ցու­ցին ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թե­նէն զրկուե­ցան։ Բայց մենք օ­րի­նակ պի­տի առ­նենք Յոբ Ե­րա­նե­լիի յաղ­թա­կան կամ­քը ընդ­դէմ սա­տա­նա­յին, օ­րի­նակ պի­տի առ­նենք մեր Տի­րոջ՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի խօս­քե­րը, զորս ը­սած էր սա­տա­նա­յին՝ փոր­ձու­թեան լե­րան վրայ։

Մեր հաս­տա­տուն կամ­քով ու Քրիս­տո­սի ուժ ու յոյս ներշն­չող խօս­քե­րով է, որ պի­տի դի­մադ­րենք սա­տա­նա­յի հրա­պու­րիչ խոս­տում­նե­րը ու պի­տի քա­լենք դէ­պի Յաղ­թա­նակ, որն է ժա­ռան­գել մեր երկ­նա­ւոր Հօր խոս­տա­ցած եր­կին­քի ար­քա­յու­թիւ­նը, ուր­կէ ար­տաք­սուած էինք։

Սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ­ներ,

Այս բո­լո­րը կա­րե­լի է ձեռք ձգել հա­ւատ­քով, յոյ­սով ու սի­րով, ա­սոնց ա­ռըն­թեր ան­պա­կաս պէտք է ըլ­լան, ա­ղօթք, բա­րե­գոր­ծու­թիւն ու ծո­մա­պա­հու­թիւն։ Եր­բեք չնմա­նինք Պետ­րո­սին, որ մեծ­խօ­սու­թեամբ կը պնդէր, թէ «պի­տի չու­րա­նար Քրիս­տո­սը, կամ Թով­մա­սին պէս, որ կ՚ը­սէր թէ «պէտք է մեռ­նիլ Քրիս­տո­սի հետ.. իսկ եր­բեք չնմա­նիլ Յու­դա­յին, որ անձ­նա­կան շա­հե­րուն հա­մար ծա­խեց իր ճշմա­րիտ Տէրն ու Աս­տուա­ծը։ Աշ­խար­հիկ ու­ժե­րուն տես­քէն վախ­ցող ա­ռա­քեալ­նե­րը յան­կարծ ա­ռիւծ կտրե­ցան՝ տես­նե­լով Քրիս­տո­սի յաղ­թա­կան Յա­րու­թիւ­նը, որ ե­ղաւ շա­ղա­խը՝ զի­րենք միաց­նող ու պայ­քա­րե­լու ե­ռան­դը տուող։

Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Ե­թէ Քրիս­տոս յա­րու­թիւն ա­ռած չէ՝ զուր է մեր քա­րո­զու­թիւ­նը, զուր է նաեւ ձեր հա­ւատ­քը, եւ այդ ալ կը նշա­նա­կէ, թէ տա­կա­ւին պի­տի շա­րու­նա­կենք նոյն մեղ­քե­րուն մէջ կե­նալ» (Ա. Կորնթ. 1.14)։

Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ Կորն­թո­սի Քրիս­տո­նեա­նե­րուն ուղ­ղած իր նա­մա­կին մէջ գրած է. «Չա­րու­թեան հին խմո­րը դուրս նե­տե­ցէք ձեզ­մէ, որ­պէս­զի ամ­բող­ջու­թեամբ նոր եւ անխ­մոր զան­գուած մը ըլ­լաք» (Ա. Կորնթ. 5.7)։ Ուս­տի Զա­տի­կը տօ­նենք՝ ո՛չ թէ չա­րու­թեան եւ անզ­գա­մու­թեան խմո­րը պա­հե­լով մեր մէջ, այլ՝ ան­կեղ­ծու­թեամբ եւ ճշմար­տա­խօ­սու­թեամբ։ Ի լրումն ժա­մա­նա­կի, Քրիս­տոս, ինք­զինք որ­պէս պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նե­լով, մեղ­քի հին թթխմո­րը ոչնչա­ցուց եւ կա­րե­լի դար­ձուց ա­նա­պա­կան եւ ան­բիծ կեան­քը, ո­րուն խորհր­դան­շանն էր բա­ղարջ հա­ցը։

Իսկ Քրիս­տոս կ՚ը­սէ. «Ես եմ յա­րու­թիւն եւ կեանք», «Ես եմ ճա­նա­պարհ եւ ճշմար­տու­թիւն»։ Մե­զի կը մնայ հա­ւա­տալ Ա­նոր յա­րու­թեան, կեանք տուող խօս­քե­րուն ու քա­լել ցոյց տուած ճշմա­րիտ ու լու­սա­ւոր ճամ­բա­յէն։ Ու­րեմն յա­րու­ցեալ Քրիս­տոսն է, որ մեզ կրնայ հասց­նել յա­ւի­տե­նա­կան ու ա­պա­հով նա­ւա­հան­գիս­տը։ Որ­քան ալ փշոտ ու տա­ռա­պա­լից ըլ­լայ այդ ճամ­բան՝ ա­պա­հով է։ Յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի յոյսն է, որ մեր մէ­ջէն կը վա­նէ ա­մէն տե­սակ մո­լու­թիւն ու մեզ կը վե­րա­ծէ նո­րա­ծին մա­նու­կի մը։ Ա­մէն ան­գամ երբ Սուրբ Պա­տա­րագ մա­տու­ցուի, քա­հա­նան կը բարձ­րաց­նէ Քրիս­տո­սի ա­նա­պա­կան մար­մի­նը ներ­կա­յաց­նող բա­ղարջ նշխա­րը եւ կը յայ­տա­րա­րէ ի լուր հա­մայն աշ­խար­հին. «Սա՛ է կեանք, յո՛յս, յա­րու­թիւն, քա­ւու­թիւն եւ թո­ղու­թիւն մե­ղաց»։ Որ­պէս նո­րա­ծին մա­նուկ­ներ պէտք է մօ­տե­նանք Քրիս­տո­սի Մարմ­նին ու Ա­րեան, որ այ­սօր ճա­շա­կե­լու ե­կած ենք։

Սի­րե­լի ժո­ղո­վուրդ,

Թող ձեր ու­ղի­նե­րը Քրիս­տո­սի դա­տարկ գե­րեզ­մա­նէն սփռուող Յա­րու­թեան լոյ­սի ճա­ռա­գայ­թու­մով լու­սա­ւո­րուի։ Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան խոր­հուր­դով այ­սօր ան­գամ մը եւս զօ­րա­ցած, ող­ջու­նենք զի­րար՝ ա­ւե­տե­լով.

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ։
ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ։

Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րին ա­ռի­թով կը շնոր­հա­ւո­րենք Ա­ռա­քե­լա­կան Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր զա­ւակ­ներն անխ­տիր, եւ քրիս­տո­սա­ւանդ ջեր­մա­գին սի­րով կ՚ող­ջու­նենք մեր Հո­գե­ւո­րա­կան Դա­սու ան­դամ­նե­րը, Սրբա­զան Ե­պիս­կո­պոս­ներն ու Միա­բան Հայ­րե­րը, Քա­հա­նա­յից Դա­սը, Սար­կա­ւա­գաց եւ Դպրաց Դա­սե­րը, Գալ­ֆա­յեան Ուխ­տի Քոյ­րը, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Տնտե­սա­կան Խոր­հուր­դի, Տիկ­նանց կազ­մի ան­դամ­նե­րը,  Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նո­ցի Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը, Բժշկա­պե­տու­թիւ­նը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժ-քոյ­րե­րը, Հա­մայն­քա­յին Հաս­տա­տու­թեանց Խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րը, Թա­ղա­յին Խոր­հուրդ­նե­րը, Տիկ­նանց Յանձ­նա­խում­բե­րը, մեր վար­ժա­րան­նե­րու Հիմ­նա­դիր­նե­րը, Տնօ­րէն­նե­րը, Հո­գա­բար­ձու­թիւն­նե­րը, Ու­սուց­չաց Դա­սը, Աղ­քա­տախ­նամ Մար­մին­նե­րը, Սա­նուց Միու­թիւն­նե­րը եւ բո­լոր մար­դա­սի­րա­կան ու մշա­կու­թա­յին մար­մին­նե­րը, Հայ Մամ­լոյ Խմբա­գիր­նե­րը եւ ողջ Անձ­նա­կազ­մը, բա­րե­սի­րա­կան եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեանց սա­տա­րող ազ­նիւ բա­րե­րար­նե­րը, հա­մայն հա­ւա­տա­ցեալ եւ սի­րե­ցեալ մեր ժո­ղո­վուր­դը մաղ­թե­լով բո­լո­րին եր­ջա­նիկ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղե­ցա­շէ, կրթա­նուէր եւ բա­րե­սէր գոր­ծու­նէու­թեանց լիա­կա­տար յա­ջո­ղու­թիւն։

Յա­տուկ օրհ­նու­թեամբ կ՚ող­ջու­նենք եւ կը շնոր­հա­ւո­րենք Կրե­տէի Հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը։

Ս. Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րին ա­ռի­թով կը շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել վասն բա­րօ­րու­թեան եւ ան­սա­սա­նու­թեան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի։ Մեր որ­դիա­կան ակ­նա­ծան­քը կը յղենք Նո­րին Սրբու­թիւն Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին։ Կը հայ­ցենք Նո­րին Սրբու­թեան եւ Մայր Ա­թո­ռի ողջ միա­բա­նու­թեան ա­ղօթք­նե­րը Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւն Տ. Մես­րոպ Ս. Պատ­րիարք Հօր ա­ռող­ջու­թեան հա­մար։ Ի Քրիս­տոս սի­րով կը շնոր­հա­ւո­րենք Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Նո­րին Սրբու­թիւն Տ. Տ. Ա­րամ Ա Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւն Տ. Նուր­հան Պատ­րիար­քը, հան­դերձ ի­րենց միա­բա­նա­կից վա­նա­կան հայ­րե­րով, նաեւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ա­ռա­քե­լա­գործ վի­ճա­կա­ւոր­նե­րը, հան­դերձ ի­րենց հո­գե­ւո­րա­կան դա­սե­րով, վստահ ըլ­լա­լով, թէ բո­լո­րը ա­ղօ­թա­կից են մե­զի։

Այս առ­թիւ ի Քրիս­տոս սի­րով ող­ջու­նե­լով, Սուրբ Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րի մեր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը յղենք նաեւ բո­լոր քոյր Քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, հո­վիւ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն՝ գլխա­ւո­րա­բար Հայ Կա­թո­ղի­կէ եւ Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն։

Սի­րոյ ջեր­մա­գին ող­ջոյն­ներ կ՚ա­ռա­քենք Սփիւռ­քի տա­րած­քին գտնուող Պոլ­սա­հայ, Սուրբ Խաչ Դպրե­վանք, Կեդ­րո­նա­կան, Է­սաեան, Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան­նե­րու Միու­թիւն­նե­րուն եւ ար­տա­սահ­մա­նի բա­րե­պաշտ եւ ե­կե­ղե­ցա­նուէր մեր ժո­ղո­վուր­դին, ո­րոնք սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կը փոր­ձեն պա­հել մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, միան­գա­մայն հո­գե­ւոր եւ տոհ­միկ կապ պա­հե­լով ի­րենց ծննդա­վայ­րին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աս­տուա­ծա­յին սրբա­րար զօ­րու­թիւնն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն Սրբոյ ե­ղի­ցի ընդ մեզ. ա­մէն։

 

 

Ա­ՐԱՄ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ
ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ
ԸՆԴ­ՀԱ­ՆՈՒՐ ՓՈ­ԽԱ­ՆՈՐԴ

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017