ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Հանդէսին մասնակցեցան առաջին դասարանի փոքրիկներուն ծնողները, ուսուցչական կազմը, դպրոցի հոգաբարձուները եւ այլ հիւրեր։

Տղաքը յաջող կերպով ներկայացուցին տառերու պատմութիւնը՝ բառ ու երգի միջոցաւ։ Վարժարանի ուսուցչական կազմէն Տոնորա Պեպուրեան եւ Գայիանէ Ռեւազեան վերահսկած էին հանդէսի պատրաստութիւնները։

Հուսկ, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին առաջին դասարանի փոքրիկներուն մաղթեց կանաչ ճանապարհ ապագայ ուսումնառութեան համար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024