ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ
Վերջին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններով ձեւաւորուած Շիշլիի նոր քաղաքապետական խորհուրդը վերջերս գումարեց իր անդրանիկ նիստը։ Քաղաքապետական խորհուրդի այս առաջին ժողովին ընթացքին ձեւաւորուեցան զանազան յանձնախումբերը։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլիի նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդին մաս կը կազմէ մեր համայնքէն Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, որու թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ՃՀՓ-ի կողմէ։ Ան ներկայիս նորընտիր քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահանի անմիջական գործակիցներէն է։
Կը տեղեկանանք, որ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր ընտրուած է Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան պաշտօնի կոչուած է քաղաքապետական խորհուրդի թէ՛ կրթական եւ թէ մշակոյթի, գեղարուեստի եւ զբօսաշրջութեան յանձնախումբերէն ներս։