ԷՍԱԵԱՆԻ ԲԱՌԱԽԱՂԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած անգլերէն բառախաղի (Scrabble) 9-րդ մրցոյթը երէկ եզրափակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Նախընթաց օրուան միջնակարգերու պարգեւատրումէն վերջ, երէկ ալ լիսէներու դասաւորման մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանի սրահին մէջ։ Համայնքային հինգ լիսէներուն առընթեր, Իսթանպուլի այլ լիսէներ եւս մասնակցութիւն բերին այս բառախաղերուն, իրենց անգլերէնի ուսուցիչներու վերահսկողութեան ներքեւ։ Տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի գլխաւորութեամբ, Էսաեանի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր խումբերը։ Երիտասարդները կենսունակ միջավայրի մը մէջ առիթն ունեցան չափելու իրենց անգլերէնի գիտութիւնը։
Արդիւնքին՝ խմբային դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Կեդրոնական, որուն յաջորդեցին Սահակեան-Նունեան եւ Էսաեան։ Անհատական դասաւորման մէջ գերազանցիկ համարուեցաւ Թալին Ագպաշ (Սահակեան-Նունեան), որուն հետեւեցան Ճան Սոլաքօղլու (Կեդրոնական) եւ Քամի Վանլըօղլու (Էսաեան)։
Դափնեկիրները ծափողջոյններու ներքեւ ստացան իրենց յուշանուէրները եւ մրցոյթի մասնակիցները արձակուեցան փոխադարձ շնորհաւորութիւններով։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024