ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ առաւօտ սկսաւ տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի աւանդական մրցաշարքը, որ 14-րդն է իր նմաններու շարքին։ Համայնքային միջնակարգերէ ճատրակի խումբերու մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս եռօրեայ մրցաշարքը։ Երէկ առաւօտեան բացման հանդիսութեան ընթացքին տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան ողջունեց բոլոր խումբերուն ներկայացուցիչները։ Ներկայ էին նաեւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ։ Տղաքը բացատրութիւններ ըս-տացան մրցաշարքի կանոններուն մասին եւ վիճակահանութիւնով ձեւաւորուած խաղացանկին համաձայն սկսան հանդիպումներու։

Եռօրեայ մրցաշարքը պիտի եզրափակուի վաղը յետմիջօրէին, երբ տեղի պիտի ունենայ նաեւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 15, 2018