ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէքն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ընթացքին թաղականները տեղեկացուցին, որ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի շինարարական աշխատանքները ամբողջութեամբ աւարտած են եւ յառաջիկային կը նախատեսուի պաշտօնական բացման արարողութիւնը։ Անոնք այս փուլին զանազան մանրամասնութիւններ յանձնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման, որ այդ բոլորը լսելով արտայայտեց իր գնահատանքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց, որ Արամեան-Ունճեան վարժարանը նորակառոյց ու տոկուն համալիր մը կ՚ունենայ, մինչ համայնքէն ներս հրատապ օրակարգ դարձած է կրթօճախներու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան խնդիրը։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խոստացաւ հանդիսապետել պաշտօնական բացման արարողութեան, որու ընդառաջ թաղային խորհուրդին յղեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։