ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Երուսաղէմի քրիստոնեայ Տաճարական ասպետներու ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Տէյվիտ Էփլըպայի։ Խումբը այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս եւ փափաքած է Իսթանպուլի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ հանդիպումներ ունենալ։ Էփլըպա եւ ընկերակիցները այս շրջանակին մէջ փութացին Գումգաբու, ուր Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Նորին Ամենապատուութեան կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Ողջունելով հիւրերը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ այսօր աշխարհի վրայ խաղաղութիւնը դարձած է հրատապ կարիք։ Զրոյցի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ հիւրերը Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի ուղեկցութեամբ շրջայց մը կատարեցին Պատրիարքարանի եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024