ՔԱՐՈԼԻՆԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ յետմիջօրէին, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն՝ արժէքաւոր գիտնական Քարոլինա Սահակեանը, որ քանի մը շաբթուան համար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Քարոլինա Սահակեան իր սերունդի փայլուն ներկայացուցիչներէն մին է՝ որպէս պատմաբան, թրքագէտ։ Ան իր գիտական աշխատանքները յառաջ կը տանի Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառէն ներս, միեւնոյն ժամանակ կը դասաւանդէ Երեւանի Պետական համալսարանի թրքագիտութեան ամպիոնին մէջ։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին Քարոլինա Սահակեան մեզի տեղեկացուց, որ քանի մը շաբթուան համար Իսթանպուլ եկած էր՝ մասնակցելու համար մասնագիտական աշխատանքներու եւ խորացնելու համար իր գիտելիքները։ Ան քաղաքիս կեցութեան օրերուն համագործակցած է «Քոչ» եւ «Պողազիչի» համալսարաններուն հետ, ուր զանազան դասընթացքներու մասնակցութիւն բերած է։

Քարոլինա Սահակեան մեզի յայտնեց, որ կը ջանայ գիտելիքները կատարելագործել՝ մանաւանդ օսմաներէնի մարզին մէջ։ Այս նպատակով ան հետեւողական աշխատանք կը տանի, ինչ որ հայկական գիտական աշխարհին տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն ունի։

Բարի կեցութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Քարոլինա Սահակեանին, որու առաջին այցելութիւնը չէ Իսթանպուլ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024