ՄԱՅ­ՐԵ­ՆԻԻ ՓԱ­ՌԱ­ՏՕՆ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նը բե­ղուն եւ ե­ռան­դուն տա­րեշր­ջան մը բո­լո­րեց։ Իսկ ա­շա­կերտ­նե­րը ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէին վեր­ջըն­թեր օ­րուան, երբ պի­տի ներ­կա­յաց­նէին խրախ­ճանք մը, որ յատ­կա­ցուած էր մայ­րե­նիին:

Այս խրախ­ճան­քին ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գ­րի­գոր Ա. Քհնյ. ­Տա­մա­տեան, թա­ղի Ս. ­Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան, ինչ­պէս նաեւ հիւ­րեր։

Վար­ժա­րա­նին մէջ կը տի­րէր ե­ռու­զեռ փա­ռա­տօ­նի առ­թիւ, որ կազ­մա­կեր­պուած էր եր­կու հանգ­րուան­նե­րէ։

Մրցու­մի դա­տա­կազ­մի ան­դամ­ներն էին Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. ­Տա­մա­տեան, Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու, Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէք եւ Եւ­գի­նէ Ին­ճի­տիւ­զէն:

Ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը կը պատ­կա­նէր նա­խակր­թա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն, իսկ երկ­րորդ փու­լը՝ միջ­նա­կար­գի սա­նե­րուն:

 Փա­ռա­տօ­նին բա­ցու­մը միաս­նա­բար կա­տա­րե­ցին վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կայ­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէք եւ տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու։

Փա­ռա­տօ­նի ծրագ­րին հա­մա­ձայն, ա­ռա­ջին, երկ­րորդ, եր­րորդ եւ չոր­րորդ դա­սա­րան­նե­րը հեր­թով բեմ բարձ­րա­ցան ու հիւ­րա­սի­րե­ցին ի­րենց ըն­կեր­նե­րը։ Թա­տե­րակ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ մաս­նա­կից դարձ­նե­լով նաեւ հիւր դա­սա­րան­նե­րը ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեանց։ Այս բաժ­նին մէջ ա­շա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին եր­գեր, պա­րեր, հա­նե­լուկ­ներ, շու­տա­սե­լուկ­ներ, հա­մա­կարգ­չա­յին խա­ղեր, մրցա­շար­քեր, գծում­ներ եւ մաս­նա­ւո­րա­բար kahoot կո­չուած եւ հա­մա­կար­գի­չի մի­ջո­ցաւ կա­տա­րուած մրցում-խա­ղը,  որ ստեղ­ծեց մայ­րե­նին գոր­ծա­ծե­լու, զայն պան­ծաց­նե­լու վար­ժու­թիւ­նը:

Ա­ռա­ջին բաժ­նին յայ­տա­գի­րը պատ­րաս­տած էին նա­խակր­թա­րա­նի ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Ան­նա Սա­րը Սեչ­քին, Վե­րա Հէ­մէն­կիւլ, Մա­րալ Չա­քըր, Գա­րին Կիւն­տիւզ եւ Լե­տա Ֆի­տան:

Փա­ռա­տօ­նի եր­կո­րոդ հանգ­րուա­նի ըն­թաց­քին ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան ար­տա­սա­նու­թեան մրցման մը, զոր պատ­րաս­տուած էր հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­ներ Նաժ­տա Տէ­միր­ճիօղ­լու եւ Թա­մար Ման­կա­սա­րեա­նի կող­մէ։ Վե­ցե­րորդ, եօթ­նե­րորդ եւ ու­թե­րորդ դա­սա­րան­նե­րու տղա­քը մաս­նակ­ցե­ցան այս մրցման։ Այս առ­թիւ հան­դէս ե­կան՝ Ար­ման Տէօք­մէ­ճեան, Սե­րե­նա Տա­ւի­թօղ­լու, Տո­րա Սեչ­քին, Ժաս­մին Սաղ­լամ, Դա­լար Խա­չի­կեան, Ռու­բէն Գա­րա­գաշ, Տիգ­րիս Կիւլ, Ար­տա Պո­լաք, Ա­րեգ Պէր­պէ­րօղ­լու, Քե­ւըն Ա­լան­սա­թան, Մե­լա­նի Գօ­շուն, Լի­զա Մու­րատ­տա­ղը, Ա­լէն Ճան­ճիկ, Անտ­րէ Կէօ­զիւ­պիւ­յիւ­քօղ­լու, Սէր­ճան Շէն­կէ­զէր, Ալ­փէն Փոր­թա­գա­լեան, Գլո­տիա Քէօ­րօղ­լուեան, Ա­ւե­տիս Մար­գա­րեան, Սա­րին Նեւ­րուզ, Օ­շին Շա­քա­րեան, Ա­րաս Հէ­մէն­կիւլ։

Ար­տա­սա­նու­թեան մրցման ի­րենց նուագ­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցան՝ Սա­րին Նեւ­րուզ, Տո­րա Սեչ­քին, Նի­քոլ Թէզ­ճան, Եաս­մին Սաղ­լամ եւ Ա­րեգ Պէր­պէ­րօղ­լու:

Ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին երբ դա­տա­կազ­մը ար­դիւն­քը ո­րո­շե­լու հա­մար ա­ռանձ­նա­ցաւ, մինչ այդ ե­րաժշ­տու­թեամբ ու պա­րե­րով բեմ ա­ռին հին­գե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը:

Ա­պա կար­գը ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թեան մրցման ար­դիւն­քնե­րուն, զորս կա­տա­րեց Տ. Գ­րի­գոր Ա. Քհնյ. ­Տա­մա­տեան։ Ան իր ա­մէն ա­տե­նուան հո­գա­ծու­թեամբ գնա­հա­տեց, շնոր­հա­ւո­րեց մաս­նա­կից­նե­րը ու յայտ­ա­րա­րեց, թէ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցած էր Ա­րաս Հէ­մէն­կիւլ, երկ­րորդ՝ Դա­լար  Խա­չի­կեան, իսկ եր­րորդ՝ Ա­ւե­տիս Մար­գա­րեան, ո­րոնք ստա­ցան զա­նա­զան պար­գե­ւներ:

Այս­պէ­սով վերջ գտաւ մայ­րե­նիի փա­ռա­տօ­նը, որ վստա­հա­բար Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ դառ­նայ ա­ւան­դու­թիւն։

Իսկ ա­րա­մեան­ցի­ներն ալ արդիւնաւէի կրթաշրջան մը բոլորելէ ետք՝ ու­րախ տպա­ւո­րու­թեամբ մեկ­նե­ցան ար­ձա­կուդ­րի։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015