ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ

Տա­րե­վեր­ջեան խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը տի­րեց նաեւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Այս­պէս, ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րը խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ նշե­ցին Ըն­թերց­ման տօ­նը։ Տա­րե­վեր­ջեան հան­դէս­նե­րու շար­քի երկ­րորդ հանգ­րուա­նը հան­դի­սա­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի շրջա­նա­ւար­տու­թիւ­նը, ո­րու ժա­մա­նակ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան ու­սուց­չաց կազ­մի ան­դամ­ներն ու տղա­քը։ Վար­ժա­րա­նէ ներս կա­տա­րուած ձեռ­նարկ­նե­րու գա­գաթ­նա­կէտն էր շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սը։ Ներ­կայ էին վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­դ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեան, կրթա­կան մշակ­ներ, ծնող­ներ ու հրա­ւի­րեալ­ներ։ Այս առ­թիւ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Պար­սա­մեան, որ շնոր­հա­ւո­րեց բո­լո­րը։ Ա­շա­կերտ­նե­րը սար­քե­ցին նաեւ մշա­կու­թա­յին յաջող ու ճոխ յայ­տա­գիր մը։ Ա­նոնք հուսկ ստա­ցան ի­րենց վի­ճա­կայ­ցոյց­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015