ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ՝ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի տարեվերջի հանդէսը եզրափակիչ հանգրուան մը հանդիսացաւ այս տարուան ուսումնակրթական գործունէութեան։ Օրուան յայտագիրը սկսաւ տնօրէն Շահին Չընարի բացման խօսքով, որ յորդորներ տուաւ տղոց եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց։ Տղաքը ունեցան ելոյթներ՝ ասմունքով, պարերով եւ երգերով։ Յանուն շրջանաւարտներու արտայայտուեցան Սամուէլ Քարափէքմէզ եւ Ճան Պալչըք։ Վկայականները բաշխուեցան Շահին Չընարի ձեռամբ։ Վարժարանի առաջին Ճան Պալչըք արժանացաւ «Սարայլը» մրցանակին, զոր իրենց յանձնեց հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան։ Աւարտին միասնաբար կտրուեցաւ աւանդական կարկանդակը։
Մինչ այդ, վարժարանի սաները կատարած էին նաեւ իրենց աւանդական գարնանային դաշտապտոյտը։