ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Պո­յա­ճը­գիւ­ղի Ս. Ե­րից Ման­կանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խա­գա­հեց Վոս­փո­րի մեր այս սրբա­տան հիմ­նադ­րու­թեան 180-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ լե­ցուած էր Պո­յա­ճը­գիւ­ղի ե­կե­ղե­ցին, ուր պա­տա­րա­գեց Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Պուլ­տու­քեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան եւ ու­րա­րա­կիր Ար­տա Փը­նար­ճը։ Ներ­կայ էին Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան, Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան եւ Տ. Զա­քար Քհնյ. Քո­փա­րեան, ո­րոնք կա­տա­րե­ցին եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը։ Եր­գե­հո­նով ըն­կե­րա­ցաւ Սէր­ճան Կա­զէ­րօղ­լու։ Ի ժամ Ս. Պա­տա­րա­գի Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը, նաեւ կա­տա­րեց սրբա­պատ­կե­րի մը օ­ծու­մը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ ո­գե­կո­չուե­ցաւ բա­րե­յի­շա­տակ Մա­ղա­քիա Ա­մի­րա Մի­սա­քեան, ո­րու շի­րի­մը կը գտնուի այս ա­ղօթ­քի տան ան­մի­ջա­կան շրջա­փա­կէն ներս։ Ա­պա ե­կե­ղեց­ւոյ գետ­նա­յար­կի սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Պո­յա­ճը­գիւ­ղի Ս. Ե­րից Ման­կանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեան եւ ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի խորհր­դա­կան­նե­րէն Սի­րան Սուր­քի, որ Էօզ­սա­հա­կեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ շրջայց մը կա­տա­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րէն ներս։ Հարկ է նշել, որ Պո­յա­ճը­գիւ­ղի ե­կե­ղե­ցին դժբախ­տա­բար չու­նի մշտա­կան հա­սոյ­թի աղ­բիւր­ներ։ Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ այն­քան սրտա­մօ­տիկ այս ուխ­տա­վայ­րին կան­թե­ղը վառ կը մնայ շնոր­հիւ մեր ժո­ղո­վուր­դի նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րուն եւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ տա­րուած հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քով։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2016