ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վը, 13 Յու­նիս 2016, Եր­կու­շաբ­թի, նա­խա­գա­հու­թեամբ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձր. Տ. Ա­րամ Ար­քեպս. Ա­թէ­շեա­նի գու­մա­րուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ։ Ժո­ղո­վա­կան Հայ­րե­րը քննար­կե­ցին Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Վսե­մա­շուք Րէ­ճէպ Թայ­յիպ էր­տո­ղա­նի յղուած նա­մա­կին պատ­ճա­ռով վեր­ջին օ­րե­րուն յա­ռա­ջա­ցած հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը։ Ժո­ղո­վա­կան Հայ­րեր յետ խորհր­դակ­ցու­թեան ո­րո­շե­ցին ի­րենց խօս­քը բաժ­նել հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն հետ, ստո­րե­ւի զե­կոյ­ցով.

*

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վը 13 Յու­նիս 2016 թուի նիս­տին ըն­թա­ցիկ հար­ցե­րու ա­ռըն­թեր օ­րա­կար­գի վրայ ու­նե­ցած է այն հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ծա­գած են Գեր­մա­նիոյ Դաշ­նակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նին մէջ 1915-ի դէպ­քե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ո­րա­կող օ­րի­նագ­ծի կա­պակ­ցու­թեամբ  Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ՝ Բարձր. Տ. Ա­րամ Ար­քեպս. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ, Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Վսե­մա­շուք Րէ­ճէպ Թայ­յիպ էր­տո­ղա­նի յղուած նա­մա­կին պատ­ճա­ռով։

Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը, իր պատ­մու­թեա­նը ըն­թաց­քին ջա­նա­ցած է բա­րեա­ցա­կամ եւ երկ­խօ­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կել երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեանց հետ, նաեւ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ջան­քը ցու­ցա­բե­րած է, չան­տե­սե­լով երկ­րի հան­րա­յին կար­ծի­քի զգայ­նու­թիւն­նե­րը այն նիւ­թե­րու մա­սին, ո­րոնք կը հե­տաքրք­րեն երկ­րի հա­մայն հան­րու­թիւ­նը։

Կրօ­նա­կան ժո­ղովս ըստ հնա­մե­նի կի­րառ­մանց  եւ ա­ւան­դու­թեանց կար­ծիք չի յայտ­ներ քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան հար­ցե­րու շուրջ։ Ի բա­ցա­կա­յու­թեան այն մար­մին­նե­րուն, ո­րոնք լիա­զօ­րուած պի­տի ըլ­լա­յին ար­տա­յայ­տուե­լու յա­նուն հա­մայն­քի, սոյն պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կը ստանձ­նէ օ­րուան Ա­թո­ռա­կալ Սրբա­զան Պատ­րիար­քը։ Ն. Ա. Տ. Մես­րոպ Ս. Պատ­րիարք Հօր  ան­հանգս­տու­թեան պատ­ճա­ռով, սոյն պար­տա­կա­նու­թիւ­նը իր վրայ ա­ռած է Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ  Բարձր. Տ. Ա­րամ Ար­քեպս. Ա­թէ­շեան։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը, սոյն պար­տա­կա­նու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ եւ  հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թեանց կարգ մը վա­րիչ­նե­րու եւ ա­ռա­ջա­տար բա­րե­րար­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած պա­հանջ­քին ըն­դա­ռա­ջե­լով գրի ա­ռած է սոյն նա­մա­կը, Գեր­մա­նիոյ Խորհր­դա­րա­նի կա­յա­ցու­ցած ո­րո­շու­մին կա­պակ­ցու­թեամբ։  Բարձր. Սրբա­զան Հայ­րը հե­տե­ւած է Ա­թո­ռին ծա­ռա­յած նախ­կին  Ա­թո­ռա­կալ Պատ­րիարք­նե­րու եւ բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու օ­րի­նա­կին։

Սկզբուն­քով նա­մա­կագ­րու­թիւ­նը տե­ղին կը նկա­տենք։ Սա­կայն ա­պա­գա­յին որ­պէս­զի հա­մայն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը չբեռ­ցուի սոսկ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին վրայ, պատ­շաճ կը նկա­տենք  եւ ակ­նա­ծա­նօք կը յայտ­նենք, թէ նման ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը գրի առ­նուին լայ­նա­նիստ խորհր­դակ­ցա­կան հան­դի­պում­նե­րով, նկա­տի ու­նե­նա­լով ո­րոշ զգայ­նու­թիւն­ներ։

Տխրու­թեամբ կը հե­տե­ւինք, թէ  նա­մա­կի պա­րու­նա­կու­թեան մա­սին ե­ղած քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը, գերզ­գայ­նու­թեան պատ­ճա­ռաւ անդ­րանց­նե­լով քննա­դա­տու­թեան սահ­ման­նե­րը, հա­սած են նա­խա­տին­քի, սպառ­նա­լի­քի եւ նուաս­տաց­ման մա­կար­դա­կին։ Մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը կը հրա­ւի­րենք, որ որ­դեգ­րեն խղճա­միտ եւ պա­ղա­րիւն կե­ցուածք ու հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ մեր­ձե­նան սոյն նա­մա­կին, նկա­տի առ­նե­լով մեր երկ­րի մէջ տի­րող քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը, Օս­մա­նեան Հա­յոց 100 տա­րի ա­ռաջ են­թար­կուած Մեծ Ե­ղեռ­նի կա­պակ­ցու­թեամբ։

Մեր Քրիս­տո­նեայ քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն կը յի­շեց­նենք, մեր Տի­րոջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի խօս­քը, ուր կ՚ը­սէ. «Մի դա­տէք ե­րե­ւոյ­թին հա­մե­մատ, հա­պա դա­տե­ցէք ար­դա­րու­թեամ­բ»s (Յովհ. 7.24) եւ կը մաղ­թենք, որ սէրն ու հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը տի­րէ սիր­տե­րու մէջ։

ԿՐՕ­ՆԱ­ԿԱՆ ԺՈ­ՂՈՎ
ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ Ա­ԹՈ­ՌՈՅ

VADİP DUYURUSU

Vakıflar Arası Dayanışma ve iletişim Platformu (VADİP) 13 Haziran 2016 Pazartesi günü Kumkapı Meryem Ana Ermeni Patriklik Kilisesi Vakfı, Kazaz Amira salonunda olağan üstü olarak 36 Vakfın temsilcilerin katılımı ile toplanmıştır.

Almanya Federal Meclisi tarafından 1915 olayları bağlamında alınmış olan karar Sayın Cumhurbaşkanımız Recep Tayyip Erdoğan ve devlet erkanının da tepkisine neden olmuştur. Bilindiği üzere Patriklik Makamımız tarafından, Patrik Genel Vekili Sayın Baş Episkopos Aram Ateşyan imzasıyla Sayın Cumhurbaşkanımıza bir mektup iletilmiştir. Bu mektup sonuçları ayrıntıları ile görüşülmüş ve bu değerlendirmenin kamuoyu ile paylaşılması uygun görülmüştür.

Ermeni sorunu bağlamında, Türkiye ile üçüncü ülkeler arasında patlak veren tüm siyasi gerginlikler ne yazık ki herkesten fazla cemaatimizin örselenmesine sebep olmaktadır. Türkiye Ermenileri kendilerinden tamamen bağımsız gelişen, etken olmadıkları ve kesinlikle gidişatına nüfus etme olanağından mahrum oldukları süreçler nedeniyle tedirginliğe mahkum olmaktadır.

Sayın Başpiskopos Ateşyan'ın yazmış olduğu mektup sonucunda cemaatimiz ve cemaat basınımızın bazı kesimlerinden yükselen tepki sesleri çok üzücüdür. Patriklik Makamımızı hedef haline getirmek cemaatimizin önünde sağduyu açısından savunulması zor, benimsenmesi imkansız bi tutumdur. Diğer yandan ilkesi olarak saygı duyduğumuz farklı görüşlerin cemaatimiz genel ahengi konusunda olumsuz izlenimler uyandırmayacak şekilde ifade edilmesi temennimizi paylaşmayı da yararlı addetmektedir.

Gelecekte Patriklik Makamımızın ve Türkiye Ermeni Toplumunun bu tarz eleştirilere maruz kalmaması adına bir süredir eksik olan cemaat içi müzakere ve istişare mekanizmalarının hızla ve ivedilikle hayata geçirilmesinin zorunlu olduğu kanaatindeyiz.

Cemaatimize ve kamuoyuna saygılarımız ile duyurulur.

Herman BALYAN
VADİP Başkan Vekili

13.06.2016

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2016