ՏԽՐՈՒ­ՆԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, որ Մոն­րէա­լի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր ծա­նօթ ազ­գա­յին­նե­րէն՝

Ա­ՐԱ Է­ԼԱ­ԿԷՕԶ

Իր կո­րուս­տը խոր ցաւ պատ­ճա­ռած է թէ՛ իր ըն­տա­նի­քին եւ թէ իր ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կին։ Ա­րա Է­լա­կէօզ թրքա­հայ հա­մայն­քի ար­դի տա­րեգ­րու­թեանց մէջ ու­րոյն հետք թո­ղած հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ մըն էր։ Ե­ղած էր Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կալ­նե­րէն մին եւ այդ հաս­տա­տու­թեան ա­մե­նադ­ժուա­րին շրջան­նե­րուն իր կազ­մա­կեր­պած բազ­մաբ­նոյթ ձեռ­նարկ­նե­րով փոր­ձած էր զօ­րակ­ցու­թիւն բե­րել ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թեան յա­րա­տե­ւու­թեան։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մակ­րան­քի եւ յար­գան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր։ Եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ մէկ կող­մէ զբա­ղած էր ա­ռեւ­տու­րով եւ իր ա­ռեւտ­րա­կան կեան­քին զու­գա­հեռ ա­ռա­ւել մաս­նակ­ցու­թիւն եւ ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տանք ու­նե­ցած էր հա­մայն­քա­յին կեան­քին։ Ա­րա Է­լա­կէօզ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի այն ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րէն էր, ո­րոնք հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ման պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հնար­քին ներ­թա­փան­ցած էին եւ թէ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մշա­կոյ­թի մար­դու դի­մա­գի­ծը կը կրէին։ Իր կազ­մա­կեր­պած ա­մա­նո­րեան խրախ­ճանք­նե­րը այ­սօր քաղցր յու­շե­րու վե­րա­ծուած են մեր հա­մայն­քի զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ բազ­մա­թիւ դէմ­քե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։ 
Ա­րա Է­լա­կէօզ ըն­տա­նե­կան տի­պար հայր մըն էր։ Իս­կա­կան ըն­տա­նի­քի անձ մըն էր ան եւ ու­նէր եր­կու որ­դի եւ դուստր մը, նաեւ թոռ­նիկ­ներ։ Բա­ւա­կան հա­սուն տա­րի­քի մէջ ո­րո­շած էր գաղ­թել Գա­նա­տա։ Մոն­րէա­լի մէջ հաս­տա­տուած էր իր որդ­ւոյն եւ ա­նոր ըն­տա­նի­քին մօտ։ Մոն­րէալ մեկ­նե­լէ վերջ ալ տեղ­ւոյն Պոլ­սա­հայ միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէր եւ այդ հաս­տա­տու­թեան եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պած էր զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ։ 
Ա­րա Է­լա­կէօ­զի մա­հուան տխուր առ­թիւ մեր խո­նար­հու­մը կը բե­րենք իր բա­րի եւ ան­թա­ռամ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Այս տխուր առ­թիւ մեր խո­րազ­գած վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք իր այ­րիին՝ Զա­րու­հի Է­լա­կէօ­զին, ինչ­պէս նաեւ հա­րա­զատ­նե­րուն եւ բո­լոր ըն­տա­նե­կան ան­դամ­նե­րուն։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017